Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վերադարձ Արցախ Լինելու Է». Հազարաւոր Հայորդիներ Մասնակցեցան Արցախի Անկախութեան Օրուան Նուիրուած Հանրահաւաքին

Սեպտեմբեր 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ` 2 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Արցախի Անկախութեան օրուան նուիրուած միասնութեան հանրահաւաքը:

Հանրահաւաքը սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների օրհներգներով:

Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած հերոսներու յիշատակը:

Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անդրէաս քհնյ. Թաւադեանը Տէրունական աղօթք կատարեց, ապա դիմեց ներկաներուն` ըսելով. «Այսօր հաւաքուած ենք յիշելու եւ օրհնելու Արցախի անկախութեան հռչակման 34-րդ տարեդարձը: Սա օր մըն է, որ մեզ կը յիշեցնէ ոչ միայն մեր ժողովուրդի յաղթանակները, այլեւ մեր կրած ցաւն ու խաչը»:

Ելոյթներ ունեցան Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեանը, «Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոն»-ի անդամ Նարէ Սիմոնեանը, բժիշկ Հենրիկ Մարգարեանը, Արցախի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Սամուէլ Եէվրիեանը, «Ճենեսիս Արմենիա» ուղեղային կեդրոն-հիմնադրամի տնօրէն Աբրահամ Գասպարեանը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը:

Հանրահաւաքին ցուցադրուեցաւ հատուած մը երէկ տեղի ունեցած «Արցախ. չկարգաւորուած հակամարտութիւն, վերադարձի իրաւունք» միջազգային խորհրդաժողովէն, որուն նպատակն էր արձանագրել, որ արցախեան հիմնախնդիրը փակ չէ ոչ միայն ազգային, այլեւ միջազգային հարթակներուն մէջ:

«Արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը պիտի ըլլան, երբ իմ ուղերձս կամ Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը ես կարելիութիւն կ՛ունենամ կարդալ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն», իր ելոյթին մէջ ըսաւ Մետաքսէ Յակոբեան:

Յայտարարելով, որ Արցախի հարցը փակուած չէ, Յակոբեան շեշտեց, որ արցախցին տէրն է իր հայրենիքին, իր պատմութեան, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան:

«Մեզ կրնան կալանաւորել, հալածել, բռնաճնշումներու ենթարկել, բայց քանի դեռ հայը կանգուն է, ապա Արցախի հարցը փակուած չէ», յայտարարեց Մետաքսէ Յակոբեանը եւ իբրեւ ատոր ապացոյց կարդաց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ժամանակ ընդունուած յայտարարութիւնը:

«Մեր իրաւունքներէն եւ շահերէն հրաժարիլը առանց յստակ երաշխաւորուած հրադադարի կը յանգեցնէ հայոց ինքնութեան եւ հայոց պետականութեան կորուստի, որ թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը կը նկատէ փանթուրքիզմի ծրագիրի իրականացման հիմնական խոչընդոտը: Ներկայիս քաղաքականութիւնը Հայաստանի թուրքացման սպառնալիք կը պարունակէ», իր ելոյթին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

«Անվերջ զիջումները չեն կրնար յանգեցնել խաղաղութեան: Ատոր կարելի է հասնիլ միայն արդար որոշումներու հիման վրայ եւ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը ապահովելով», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Ըստ անոր, յաջողութեան եւ այս իրավիճակէն դուրս գալու բանալին ազգի համախմբման մէջ է:

«Մենք նորայայտ փրկիչներու կարիքը չունինք: Մեր միասնութեան եւ յարատեւութեան հասնելու լաւագոյն բանաձեւը մեզի փոխանցուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւոր մեր սուրբ հայրերուն կողմէ, որ կ՛ըսէ. «Ազատութիւն երկրորդական բաներուն մէջ, Միութիւն` կարեւոր բաներուն մէջ եւ Սէր` ամէն ինչի մէջ: Եւ ուրեմն` Միութիւն, Պայքար, Յաղթանակ», իր խօսքը եզրափակեց Ռուստամեան:

Հանրահաւաքի աւարտին հայրենասիրական երգերու կատարումով հանդէս եկաւ Ներսիկ Իսպիրեան:

 

Նախորդը

«Արցախ. Չկարգաւորուած Հակամարտութիւն, Վերադարձի Իրաւունք» Խորագիրով Միջազգային Խորհրդաժողով

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (3 Սեպտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?