Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Ռուսիան Երբեք Չէ Առարկած Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան, Սակայն ՕԹԱՆ-ը Այլ Հարց Է»

September 3, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան երբեք չէ առարկած Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, սակայն ՕԹԱՆ-ը այլ հարց է: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` աւելցնելով, որ Մոսկուան անընդունելի կը նկատէ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը:

«Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման շուրջ համախոհութիւն կարելի է գտնել: Ուքրանիան ինք պէտք է որոշէ` ինչպէ՛ս ապահովել իր անվտանգութիւնը: Ուքրանիոյ անվտանգութիւնը չի կրնար ապահովուիլ Ռուսիոյ անվտանգութեան հաշուոյն», շեշտած է Փութին` աւելցնելով, որ Ռուսիան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցելու Զափորոժիէի հիւլէական կայանին շուրջ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յոյս յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավար Տանըլտ Թրամփի հետ Ալասքայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած «ըմբռնումները» պիտի նպաստեն ուքրանական տագնապին լուծման:

«Մենք բարձր կը գնահատենք Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ մեր միւս ռազմավարական գործընկերներու ջանքերն ու առաջարկները, որոնք ուղղուած են ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորման:

«Յոյսով եմ, որ վերջերս Ալասքայի մէջ տեղի ունեցած ռուս-ամերիկեան վեհաժողովին մէջ ձեռք բերուած փոխըմբռնումները նոյնպէս այս ուղղութեամբ կը շարժին` բանալով Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ճամբան», ըսած էր Փութին` խօսք արտասանելով Շանկհայի կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին:

 

Նախորդը

Պելճիքան Պիտի Ճանչնայ Պաղեստինի Պետութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
Ուշաքով. «Փութինն Ու Թրամփը Քննարկած Են  Ուքրանական Հակամարտութիւնը»
Միջազգային

Ուշաքով. «Փութինն Ու Թրամփը Քննարկած Են Ուքրանական Հակամարտութիւնը»

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.