Երէկ Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի վիճակաձգութիւնը, ուր առաջին անգամ ըլլալով 6 «Փրեմիեր լիկ»-ի խումբեր` Լիվըրփուլ, Արսենալ, Չելսի, Մանչեսթըր Սիթի, Նիւքեսըլ եւ Թոթենհամ մաս պիտի կազմեն այս տարուան 36 խումբերուն:
Ձեւը նոյնն է, անցեալ տարուան նման խմբակներ չկան, եւ ամէն խումբ 8 մրցումներ պիտի կատարէ, 4-ը դաշտին վրայ, իսկ միւս 4-ը` դաշտէն դուրս:
Պայերն Միւնիխ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Չելսին, Պրիւժը, Սփորթինկ Լիզպոնը եւ Եունիոն Էս. Ճի.-ն, իսկ դաշտէն դուրս պիտի մրցի Փարիզ Սեն Ժերմենի, Արսենալի, ՓՍՎ Այնտհովընի եւ Փաֆոսի դէմ:
Չելսի իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պայերն Միւնիխը, Պենֆիքան, Այաքսը եւ Քարապաղը, իսկ դաշտէն դուրս պիտի մրցի Պարսելոնայի, Աթալանթայի, Նափոլիի եւ Քարապաղի դէմ:
Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին, Եուվենթուսը, Մարսէյը եւ Մոնաքոն, իսկ դաշտէն դուրս պիտի մրցի Լիվըրփուլի, Պենֆիքայի, Օլիմփիաքոսի եւ Քայրաթի դէմ:
Ինթեր Միլան իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Տորթմունտը, Արսենալը, Սլաւիա Փրական եւ Քայրաթը, իսկ դաշտէն դուրս պիտի մրցի Լիվըրփուլի, Աթլեթիքօ Մատրիտի, Այաքսի եւ Եունիոն Էս. Ճի.-ի դէմ:
Տորթմունտ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ինթեր Միլանը, Վիարէալը, Պոտօ Կլիմթը եւ Աթլեթիք Պիլպաոն, մինչ դաշտէն դուրս պիտի մրցի Մանչեսթըր Սիթիի, Եուվենթուսի, Թոթենհամի եւ Քոփենհակընի դէմ:
Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը, Աթլեթիքօ Մատրիտը, ՓՍՎ Այնտհովընը եւ Քարապաղը, մինչ դաշտէն դուրս ան պիտի մրցի Ինթեր Միլանի, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի, Մարսէյի եւ Կալաթասարայի դէմ:
Պարսելոնա իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Չելսին, Ֆրանքֆորթը, Օլիմփիաքոսն ու Քոփենհակընը, մինչ դաշտէն դուրս պիտի մրցի ՓՍՎ Այնտհովընի, Պրիւժի, Սլաւիա Փրակայի եւ Նիւքեսըլի դէմ:
Անցեալ տարուան ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պայերն Միւնիխը, Աթալանթան, Թոթենհամը եւ Նիւքեսըլը, մինչ դաշտէն դուրս պիտի մրցի Պարսելոնայի, Պայեր Լեւերքուզընի, Սփորթինկ Լիզպոնի եւ Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ:


