Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկախութեան Հռչակագիրը Արգե՞լք Է Անկախութեան

August 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

23 օգոստոս 2025-ին լրացաւ Անկախութեան հռչակագիրին 36-ամեակը: Արդարեւ, 23 օգոստոս 1990-ին, կորպաչովեան ժողովրդավարացման պայմաններուն մէջ ընտրուած Խորհրդային Հայաստանի վերջին Գերագոյն խորհուրդը (խորհրդարանը), երկարատեւ քննարկումներէ եւ վիճաբանութիւններէ ետք, միաձայնութեամբ ընդունեց 12 կէտերէ բաղկացած հռչակագիր մը, որ կոչուած էր դառնալու Հայաստանի անկախութեան գործընթացին սկիզբը: Գերագոյն խորհուրդը խառն կազմ ունէր. կային ՀՀՇ-ի (Հայոց համազգային շարժում) անդամներ, համայնավարներ, տակաւին չբացայայտուած կուսակցութիւններու անդամներ (որոնց մէջ` կարեւոր թիւով դաշնակցականներ), անկախ պատգամաւորներ: ՀՀՇ-ն ունէր յարաբերական մեծամասնութիւն (առաւելագոյն թիւով պատգամաւորներու խմբակցութիւն): Անկախ Հայաստանի բնոյթին, օրէնքներուն մասին կէտերուն կողքին, թէժ քննարկումներու իբրեւ արդիւնք` տեղ գտան երկու կէտեր. մէկը Արցախի` Հայաստանի միացման մասին, երկրորդը`   Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատարելու պարտաւորութեան մասին:

Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը հետագային ներառուեցաւ սահմանադրութիւններու նախաբաններուն մէջ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հռչակագրի 35-ամեակին առիթով յղած ուղերձին մէջ կ՛ըսէ, որ անիկա կ՛արտայայտէր «ընդունման պահին Հայաստանում գործող քաղաքական եւ մտաւորական վերնախաւի հաւաքական համադրութիւնը»: Նիկոլ Փաշինեան հռչակագիրի «առանցքային գաղափարական դրոյթները կոնֆլիկտային (ընդհարում հրահրող)» կը համարէ եւ զանոնք զսպանակող «հայրենասիրութեան մոտելը» թելադրուած` Խորհրդային Միութեան կողմէ: Հայերու համար Խորհրդային Միութեան կողմէ ձեւաւորուած հայրենասիրութիւնը, անոր Հայաստանի մէջ արտայայտումը թոյլ չտալու համար արտահանուած է հանրապետութեան տարածքէն դուրս: Այսինքն արտասահմանի մէջ հայերու հայրենասիրական ձգտումները ներշնչուած էին… Խորհրդային Միութենէն:

Բացատրելէ ետք, թէ ի՛նչ միջոցներով հայրենասիրական այս նմուշը քարոզուած ու տարածուած է, Նիկոլ Փաշինեան կ՛եզրակացնէ, որ անոր` «Ենթագիտակցական նպատակը Հայաստանի անկախ պետութեան գոյութեան ռազմավարական անհնարինութիւնն էր»: Հայ ժողովուրդը անկախութիւն կը տենչար` անկախութիւնը անկարելի դարձնող գաղափարաբանութեամբ:

Անկախութեան հռչակագիրը դատափետելէ ետք, Նիկոլ Փաշինեան կ՛անցնի իր բուն ըսելիքին: Վարչապետի պաշտօնին ընձեռած հնարաւորութիւնները եւ վերլուծութիւնները զինք բերած են` «Այն աներեր համոզման, որ մենք պէտք չէ շարունակենք ղարաբաղեան շարժումը»: Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը արգելք է… Հայաստանի անկախութեան:

Նիկոլ Փաշինեան ապա կը բացայայտէ, որ մինչեւ 2020 թուականի սեպտեմբերը ինք զիջումներ չէ կատարած, «ինչը 44-օրեայ պատերազմէն խուսափելու միակ տեսական  հնարաւորութիւնն էր»: Իր պատկերացմամբ, զիջումները պիտի առաջնորդէին Հայաստանի անկախութեան եւ պետականութեան կորուստին: Ինչո՞ւ. հանելուկին լուծումը գտնողին` հազար երանի:

Պատերազմը հրահրուած է Հայաստանի անկախութիւնը պահպանելու եւ զայն իրական դարձնելու նպատակով: Այս այլանդակ մտածողութիւնը ռազմավարութիւն կը յորջորջուի եւ կը վերածուի «իրական Հայաստան»-ի «գաղափարախօսութեան»: Այդ ռազմավարութիւնը յանգած է, շնորհիւ ուաշկինթընեան համաձայնութեան, Հայաստանի «իրական անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան»:

Կորուստները, ձախողութիւնները, պարտութիւնը յաղթանակի վերածելու փաշինեանական մտագարութիւնը վերջ չունի: Իւրաքանչիւր ընկրկում նոր «գաղափարաբանութեամբ» արդարացնելու ոճը ծածկելու համար է ազգային ամէն արժէք մերժելու, իրաւունքի կորուստը կասկածելի խաղաղութեամբ փոխարինելու մոլորութեան:

Նիկոլ Փաշինեան կ՛ուզէ հրաժարիլ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրէն: Հռչակագիրը արգասիքն է անկախութեան համար հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարին: Հայաստանի իրական անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան կողմնակից ենք` առանց հրաժարելու մեր առհաւական ինքնութենէն, պատմութենէն ու ազատութեան համար մաքառումներէն:

 

 

Նախորդը

Հայ Եկեղեցին Եւ Կանոնական Իրաւունքի Օրէնսգիրքի Բացակայութիւնը

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Մահ` Յօդուածագիր Եւ Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Յարութիւն Չէքիճեանի

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.