Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Փեզեշքիանի Հետ Քննարկած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Արձանագրուող Զարգացումները

August 26, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլին:

Փութին իր իրանցի պաշտօնակիցին ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու Ալասքա նահանգի Էնքըրէյճ քաղաքին մէջ ռուս-ամերիկեան վեհաժողովի հիմնական արդիւնքները:

Փեզեշքիան աջակցութիւն յայտնած է Ուքրանիոյ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած շարունակական դիւանագիտական ջանքերուն:

Բացի ատկէ, երկու նախագահները քննարկած են երկկողմանի օրակարգի արդիական հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստեղծուած կացութեան եւ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն:

Փութին-Փեզեշքիան հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք իրանեան կողմի նախաձեռնութեամբ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի միջեւ:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը Լաւրովին մանրամասն տեղեկացուցած է Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի գործընկերներուն հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան արդիւնքներուն մասին` Իրանի հիւլէական ծրագիրի խնդիրի կարգաւորման հարցերուն շուրջ:

Ռուսական կողմը հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը շարունակել նշանակալի ներդրում ունենալ Համատեղ համապարփակ գործողութիւններու ծրագիրի շուրջ ստեղծուած կացութեան կարգաւորման եւ Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան թուլացման ուղղուած դիւանագիտական ջանքերուն մէջ: Կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ արդիական շրջանային հարցերու շուրջ:

Քննարկուած են երկկողմանի օրակարգի առաջնահերթ հարցեր, ներառեալ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ 17 յունուար 2025-ին նախագահներու կողմէ ստորագրուած Համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան պայմանագիրի իրականացումը, ինչպէս նաեւ փոխադրամիջոցներու եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակը Հերմոն Լերան Լանջին Գտնուող Բլուր Մը Գրաւեց Եւ Դամասկոսի Գիւղական Շրջանի Պէյթ Ժըն Ներթափանցեց

Յաջորդը

Շէյխ Հըժրի. «Աշխարհի Պատուաւորներուն Եւ Ազատ Պետութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Անջատ Շրջան Յայտարարելու Համար Մեր Կողքին Կանգնելու»

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.