Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Հանրապետութեան նախագահը կը պահանջէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը մեքենայաբար երկու տարի եւ աւելիով երկարաձգել, մինչեւ որ իսրայէլեան հեռացումէն ետք լիբանանեան բանակը ամբողջական կերպով տեղակայուի հարաւային Լիբանանի մէջ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Կը նախատեսենք, որ այս շաբթուան ընթացքին տեղի ունենան Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան հարցով նախագիծերուն վերաբերեալ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ` միջազգային խաղաղապահ ուժերու պարտականութեան վերասահմանման եւ թերեւս լիբանանեան բանակին օգնելու մէջ անոնց աշխատանքի ընդլայնման շուրջ»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Թամ Պարրաքի Պաապտայէն յայտարարած տարազին հիմամբ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղակի պահանջով Օրթէյկըսի` ամերիկեան պատուիրակութեան միանալը արարողակարգային չէ, այլ` կատարուեցաւ անոր հեղինակութեան վերականգնման համար ու Թրամփի կողմէ ուղղակի որոշումով, եւ ան Իսրայէլի հետ հաղորդակցութիւններուն մէջ մեծ դեր պիտի ունենայ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Կը սպասուի, որ ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք յառաջիկայ շաբաթ վերադառնայ Պէյրութ, ան կը սպասէ Մորկըն Օրթէյկըսի Իսրայէլ կատարելիք սեփական այցելութեան»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին ճամբով կը զգուշացնէ կառավարութեան լիբանանեան բանակին գիրկը նետած գնդակի վտանգաւորութենէն: Բանակի հրամանատարը շտապեց ղեկավարներուն եւ պաշտօնատարներուն այցելելու` փորձելով լուծում մը գտնել այս որոշումին, որ միայն պետական ծածկոյթի կարօտ չէ, այլ նաեւ քաղաքական եւ կուսակցական բոլոր ուժերու համախոհութեան:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պաապտա-Հարեթ Հրէյք սառոյցը կտրելու փորձերը յաջողած են. հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Մոհամետ Օպէյտի եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի պետ Մոհամետ Ռաատի միջեւ հանդիպում տեղի ունեցած է:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն. «գնահատականները ցոյց կու տան, թէ Լիբանան կառավարութեան վրայ սէուտական ճնշումի նոր ալիքի դիմաց կրնայ ըլլալ»` աւելցնելով. «Կը թուի, թէ Ռիատ գոհ չէ, որ Սալամի կառավարութեան Դիմադրութեան զէնքին շուրջ որոշումը ներքին ճակատը շիկացնելով Հըզպալլայի եւ անոր շրջապատին վրայ յաւելեալ ճնշում ստեղծելու քաղաքական ու հասարակական բաւարար հետեւանքներ չյառաջացուցին»:

Օրաթերթը կը նշէ. «Լրատուամիջոցներու ճամբով սէուտական ճնշումը կը կեդրոնանայ շիի երկեակի դիրքորոշման մէջ ճեղք յառաջացնելուն վրայ»:

. ԵԳԻՊՏԱՑԻ պաշտօնատար մը «Շարք» պատկերասփիւռի կայանին. «Եգիպտոս կը ծրագրէ Յորդանանի ճամբով ծովային նոր մալուխ մը երկարել եւ Իրաքին, Սուրիոյ եւ Լիբանանին ելեկտրականութիւն արտածել` աւելցնելով, որ ծրագիրը այժմ կ՛ուսումնասիրուի:

Պաշտօնատարին համաձայն, Եգիպտոսի նպատակն է 2029 թուականէն սկսեալ երեք երկիրներուն ելեկտրականութիւն արտածել:

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Արման Մուսիկեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Յաջորդը

Հաժժար. «Ամերիկացի Պատուիրակին Լիբանանցի Պաշտօնատարներու Հետ Բանակցութիւնները Դրական Ընթացան»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.