Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

August 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ալասքայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր գումարած վեհաժողովէն ետք, Ուաշինկթընի մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ եւրոպացի ղեկավարներու հետ վեհաժողովէն ժամեր առաջ յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ նախագահը կարողութիւնը ունի «մօտաւորապէս անմիջապէս» Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու, եթէ ատիկա կամենայ, կամ ալ ընտրել կռիւը շարունակել:

Թրամփ ընդգծեց, որ «Օպամայի յանձնած» Խրիմի թերակղզիի վերատիրացում եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւն տեղի պիտի չունենայ: «Որոշ բաներ երբեք չեն փոխուիր», ընկերային ցանցի վրայ իր կատարած գրառումին մէջ շեշտեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Զելենսքի իր կարգին գրառում մը կատարելով պատասխանեց Թրամփին` յայտնելով. «Արդէն հասած եմ Ուաշինկթըն: Պիտի հանդիպիմ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Տանըլտ Թրամփի հետ: Պիտի խօսինք նաեւ եւրոպացի ղեկավարներուն հետ: Շատ շնորհակալ եմ Ամերիկայի նախագահին հրաւէրին համար:

«Մենք բոլորս հաւասարապէս կ՛ուզենք արագ եւ վստահելի կերպով աւարտել այս պատերազմը: Եւ խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ երկարատեւ: Ոչ թէ այնպէս, ինչպէս տարիներ առաջ, երբ Ուքրանիոյ ստիպեցին զիջիլ Խրիմը եւ մեր Արեւելքի մէկ մասը` Տոնպասի հատուածը, իսկ Փութին ատիկա պարզապէս օգտագործեց իբրեւ նոր յարձակումի յենակէտ:

«Կամ երբ 1994-ին Ուքրանիոյ տուին իբրեւ թէ «անվտանգութեան երաշխիքներ», սակայն անոնք չգործեցին: Ի հարկէ, Խրիմը պէտք չէ զիջուեր այն ժամանակ, ճիշդ ինչպէս 2022-էն ետք ուքրանացիները չզիջեցին Քիեւը, Օտեսան, Խարքովը: Ուքրանացիները կը պայքարին իրենց հողին, իրենց անկախութեան համար:

«Այժմ մեր զինուորները յաջողութիւններ ունին Տոնեցքի մարզին եւ Սումիի մէջ: Վստահ եմ, որ պիտի պաշտպանենք Ուքրանիան, արդիւնաւէտօրէն պիտի երաշխաւորենք անվտանգութիւնը, եւ մեր ժողովուրդը միշտ շնորհակալ պիտի ըլլայ նախագահ Թրամփին, ամբողջ Ամերիկային, իւրաքանչիւր գործընկերոջ, աջակցութեան եւ անգնահատելի օգնութեան համար:

«Ռուսիան պէտք է աւարտէ այս պատերազմը, որ  ինք սկսած է: Եւ ես յոյսով եմ, որ մեր ընդհանուր ուժը` Ամերիկայի եւ մեր եւրոպացի բարեկամներուն հետ, Ռուսիոյ իսկական խաղաղութիւն պիտի ստիպէ: Շնորհակալութիւն»:

 

 

Նախորդը

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.