Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Զուգահեռ Գործընթացներու Հրամայականը

August 7, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան կառավարութեան նախանցեալ օրուան սպասուած նիստի որոշումը միանշանակ չընդունուեցաւ անշուշտ: Գոհ եւ դժգոհ կողմեր կան, եւ այս կնճռոտ օրակարգի շուրջ չկայ համալիբանանեան համախոհութիւն: Բողոքողը, ամերիկեան փաստաթուղթը իսրայէլեան համարողը, խնդրոյ առարկայ կողմն է: Առանց որուն դժուար պիտի ըլլայ որոշումի իրականացումը:

Ուրեմն, մինչեւ 31 օգոստոս լիբանանեան բանակին յանձնարարուած է զէնքի մենաշնորհման գործընթացի ծրագիրը մշակել` իբրեւ ժամկէտ ունենալով տարեվերջը:

Լիբանանեան բանակին դեր վերապահուած է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւով: Հըզպալլայի ոչ միայն զէնքերու կամ դիրքերու ստանձնումին կը վերաբերի դերը, այլ նաեւ ընդհանրապէս երկրի տարածքային ամբողջականութեան միակ վերահսկող ուժը դառնալուն:

Ամերիկեան փաստաթուղթով ներկայացուած պահանջներուն ընդառաջ է, որ լիբանանեան կառավարութիւնը նման որոշումի կը յանգի: Նիստը իր շարունակութիւնը ունի, եւ բողոքող կողմերէն Ամալ շարժումը կը պահանջէ կայացուած որոշումի վերանայում:

Եթէ ընդունինք սակայն, որ կառավարութեան տուած որոշումին հետքերով պիտի ընթանան հետագայ իրադարձութիւնները, ապա այս ամսավերջին պիտի ներկայացուի զէնքերու յանձնման գործընթացի ժամկէտային ծրագիր` փուլ առ փուլ իրականացնելու համար զէնքի մենաշնորհումը: Լիբանանի կառավարութիւնը այս յանձնառութիւնը ստանձնած է:

Եթէ ամերիկեան փաստաթուղթը եւ լիբանանեան որոշումը ընդառաջ են ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին, ապա պէտք է արձանագրել, որ միջազգային բանաձեւի միակողմանի դրոյթն է, որ կ՛անցնի գործնականի: Այլ խօսքով` նման որոշում չի տարածուիր միւս կողմին վրայ, որ կը շարունակէ գրաւուած պահել լիբանանեան տարածքներ, խախտել զինադադարը, անվերջ ոտնձգութիւններ կատարել լիբանանեան օդային տարածքներու վրայ եւ շարունակել պայմաններ թելադրել լիբանանեան կողմին:

Մինչդեռ ՄԱԿ-ի համապատասխան որոշումը երկու կողմերէն ակնկալութիւններ ունի: Առանց երկրորդ կողմին յարձակողապաշտութիւնը զսպելու, արգիլելու նման գործողութիւններու սանձազերծում, առանց պահանջելու լիբանանեան ներխուժուած տարածքներէ իսրայէլեան ուժերու հեռացում, կը նշանակէ միակողմանի, ընտրովի կիրարկել 1701-ը:

Հարցը այլապէս պիտի հնչէ ուրեմն: Ամերիկեան փաստաթուղթը միայն մէկ կողմին ներկայացուած է, մինչ կան միջազգային այլ որոշումներ, որոնց գործադրելիութիւնը յատուկ փաստաթուղթով մինչ այժմ չէ պահանջուած Թել Աւիւէն:

Առանց այդ երաշխիքներուն միակողմանի յանձնառութիւն յայտարարելը խաղաղութեան հաստատումին չի ծառայեր: Հիմնովին խախտած կ՛ըլլայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը եւ կրնայ նոյնիսկ անպաշտպան ձգել Լիբանանը թշնամիի ախորժակներուն դիմաց:

Զէնքի մենաշնորհումը սկզբունքային խնդիր է եւ անառարկելի: Բայց երաշխիքներ կ՛ենթադրէ: Լիբանանեան բանակի հզօրացում այնքան մը, որ կարողանայ դէմ դնել թշնամիի ոտնձգութիւններուն կամ պարտադրել անոր ուժերու հեռացումը լիբանանեան տարածքներէ եւ երկրորդ միջազգային երաշխիքներ փխրուն զինադուլը չխախտելու. աւելի ճիշդ վերահաստատելու:

Եթէ զինադուլը կը խախտուի, պատճառ չկայ մտածելու, որ հետագայ պայմանաւորուածութիւնները եւս պիտի  չխախտուին: Միակողմանի պահանջներով փաստաթուղթերը երաշխիք չեն:

Զէնքի մենաշնորհման գործընթացը զուգահեռ շարժում պէտք է ունենայ: Իսրայէլեան կողմին Միացեալ Նահանգները պէտք է ներկայացնեն  յատուկ փաստաթուղթ, որուն համար մինչեւ ժամկէտային ծրագիր պէտք է մշակուի իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացման, պատանդներու տունդարձին  եւ Լիբանանի սահմաններուն անխախտելիութեան երաշխաւորման պայմաններով:

«Ա.»

Նախորդը

Ռաատ. «Հըզպալլան Նախարարաց Խորհուրդի Ժողովին Մէջ Տեղի Ունեցածին Գնահատումը Կը Կատարէ Եւ Ատոր Լոյսին Տակ Պիտի Որդեգրէ Ապագայի Վերաբերեալ Որոշումը»

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.