Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Վարչապետը Համաձայն Գտնուեցաւ Լիբանանին Աջակցութիւն Տրամադրելու

August 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտար Պաղտատի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանիի հետ եւ անոր փոխանցեց Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նամակը, որուն մէջ ան Լիբանանի խոր գնահատանքը կ՛արտայայտէ Իրաքի հաստատ ու աջակցող դիրքորոշումներուն համար, մասնաւորաբար երկրին դիմագրաւած տագնապներուն լոյսին տակ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող շարք մը թղթածրարներ, նախ եւ առաջ Լիբանանի վերաշինութեան թղթածրարն ու Իրաքէն այս ոլորտին մէջ սպասուող դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանին ցորենի տրամադրումը, որուն իրաքեան կառավարութիւնը նախապէս յանձնառու դարձած էր:

Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ հասարակաց ներդրումներու նոր հորիզոններու բացումը եւ հետապնդումը քարիւղի խողովակաշարի, որ Իրաքէն կ՛երկարի Սուրիա, ուրկէ ալ կը հասնի Լիբանան:

Սուտանի անմիջական ընդառաջում ցուցաբերեց բոլոր առաջարկներուն եւ իր նախարարական խումբին ու առնչակից կառոյցներուն ուղղակի ցուցմունք տուաւ այդ թղթածրարներուն հետեւելու` հանդիպումի ընթացքին համաձայնեցուած կէտերուն անմիջապէս գործադրութեան անցնելու համար:

Իրաքի վարչապետը ընդգծեց, որ Իրաք նախանձախնդիր է Լիբանանի կայունութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին կողքին կանգնելու` ընդդէմ բոլոր մարտահրաւէրներուն ու շրջադարձերուն:

 

Նախորդը

Եաաքուպ Լիբանանին Սպառնացող «Երկու Վտանգաւոր Սուտերէ» Կը Զգուշացնէ

Յաջորդը

Հըզպալլայէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պասիլի. Ֆայիատ. «Կը Գիտակցինք, Թէ Պահը Նուրբ Ու Դժուար Է, Սակայն Լիբանանը Պէտք Չէ Իր Շահերէն Հրաժարի»

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.