Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Աւերակուած Նաւահանգիստի Քաղաքական Ուղենիշը

August 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի աւերակուած վիճակը ամբողջ քաղաքականութեան մը ուղենիշը կը շարունակէ մնալ: Լիբանանի տնտեսութիւնը ո՛չ գիտելիքահենք է, ո՛չ գիւղատնտեսութեան վրայ կը յենի, ո՛չ ուժանիւթային աղբիւրներու, ո՛չ ալ հիմնականին մէջ ճարտարարուեստի: Անոր յենասիւները կը նկատուին զբօսաշրջութիւնը, դրամատնային համակարգը իբրեւ ներդրումային եզակի միջավայր եւ ազատ առեւտուրը:

Այս երեք ուղղութիւնները յարափոփոխ են, ենթակայ վերիվայրումներու կամ ընդհանրապէս առկախուած վիճակ կը պարզեն: Զբօսաշրջութիւնը լուրջ հարուած կը ստանայ, ամէն անգամ, երբ պատերազմական գործողութիւններ սանձազերծուին, եւ ապահովական վիճակը դառնայ խորապէս մտահոգիչ: Դրամատնային համակարգը չէ վերականգնուած տակաւին, ընկերութիւններու եւ անհատներու հին հաշիւները կը շարունակեն սառեցուած մնալ. անվստահութիւնը այս առումով կասեցուցած է նաեւ նոր ներդրումները: Դանդաղ, փուլային բարենորոգումներու մասին նախագիծեր կը սկսին գործել տակաւին` հեռու պահելով ներդրումային դաշտի վերականգնումի եւ վստահութեան վերաապահովման հեռանկարը:

Այս բոլորին մէջ կ՛առանձնանայ ազատ առեւտուրը, որ նոյնիսկ պատերազմի ամէնէն թէժ պայմաններուն մէջ աշխատեցաւ, յատկապէս ծովային ելքերը լիարժէք օգտագործելով: Հիմնական նաւահանգիստն ու առընթեր կողմնակիները, պաշտօնական եւ անպաշտօն տեսքերով շարունակեցին աշխարհին հետ կապի մէջ պահել Լիբանանը: Ազատ առեւտուրը, երբեմն անսահմանօրէն ազատ, գործեց նաւահանգիստի ճամբով:

Հիմա նաւահանգիստը պայթեցուած աւերակներու տակ կը շարունակէ գործել: Բնականաբար ոչ լիարժէք, որովհետեւ քանդուած կը մնան անոր հիմնական կառոյցները, բաժանմունքներն ու ենթակառոյցները: Տնտեսութիւնը հիմնականօրէն վերականգնելու, անոր թափ տալու առաջին քայլը պիտի նկատուի նաւահանգիստի ամբողջական վերակառուցումը: Միջերկրականեան այս երկիրը տնտեսապէս շնչելու համար պէտք ունի Պէյրութի գործող նաւահանգիստին:

Պարզ է, որ նաւահանգիստի հիմնական վերանորոգումը կախեալ է արտաքին օժանդակութիւններէն: Այս օժանդակութիւններուն նպատակը Լիբանանի տնտեսութեան վերականգնումը չէ: Այդ օժանդակութիւնները պայմանական են եւ չեն իրականանար, եթէ պահանջուած պայմանները չիրականացուին:

Ուղղակի պետութիւններ կրնան ստանձնել նաւահանգիստի վերանորոգութիւնը: Կրնայ պատահիլ, որ մասնաւոր ընկերութիւններ եւս աճուրդային դրոյթէ անցնելէ ետք ապահովեն վերանորոգման եւ յանձանձման մենաշնորհը: Պետական դրուածքով, սեփականաշնորհումով թէ այլ պետութեան կողմէ վարչակառավարման կանոններու ճշդումով, այնուամենայնիւ նաւահանգիստը եթէ բանի իր ունեցած եւ ունենալիք կարելիութիւններով, ապա անիկա կրնայ հիմնական կայուն ենթահող դառնալ երկրի տնտեսութեան: Այդ պարագային թէ՛ տարանցիկ առումով, թէ՛ արտածման եւ ներմուծման լայնածաւալ կարելիութիւններով երկիրը կը դառնայ իր ծովային կարելիութիւնները առաւելագոյնս օգտագործող միջավայրի, չհաշուած նաւային ճամբորդատարութեան եւ այդ ճամբով զբօսաշրջութեան նոր ծաւալներու ձեռք բերման ուղիները:

Երկրի վերականգնումի  ցուցանիշը ուրեմն նաւահանգիստի ամբողջական վերանորոգումն է: Երբ ազդարարուի այդ պահը, ապա քաղաքական տրամաբանութեամբ կ՛ընկալուի նաեւ այն, որ երկիրը ճգնաժամէն դուրս բերելու ժամը ճշդուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Մինչեւ այն ատեն սակայն, որ չեն լուծուած խնդիրները, չեն բաւարարուած արտաքին պահանջները, դրացի եւ թշնամի պետութիւններու հետ գալիք փուլերը չեն ճշդուած, վերանորոգումի ծրագիրը չի հաստատուիր: Նաւահանգիստը կը մնայ աւերակներու տակ:

Մնացեալը` արդարութիւն պահանջելու, իրականութիւնը բացայայտելու, պատասխանատուները դատական ատեաններու դիմաց կանգնեցնելու, դժբախտաբար կը յամենան ներքին սպառման թեմաներ, հեռու` ճգնաժամերու յաղթահարման ուղիներէ:

Արդարութիւնը պէտք է վերականգնի անպայման: Պէտք է վերականգնի նաեւ նաւահանգիստը: Այս երկրորդ վերականգնումը սակայն արդարութեան հետ կապ չունի: Կապ ունի առաջադրուող պայմաններու կատարումին հետ:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Երկիրը Կառավարելու Անկարող Անձը Հիմա Ալ Կը Փորձէ Վերահսկել Եկեղեցին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.