Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Երկրին Մէջ Ոմանց Իրերայաջորդ Կերպով Լայնածաւալ Պատերազմի Ահազանգ Հնչեցնելը Զարմանալի Է Եւ Կը Հակասէ Ազգային Պատասխանատուութեան Ոգիին»

July 31, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ժումհուրիա» օրաթերթը կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի հետ բանակցութիւններուն զգուշ եւ իրատես մօտեցում կը ցուցաբերէ` գիտակցելով այս առումով իր ուսերուն դրուած մեծ պատասխանատուութեան, իբրեւ մէկ կողմէ խորհրդարանի նախագահ, իսկ միւս կողմէ իբրեւ անձ մը, որուն վստահուած է շիիներու շահին եւ ապագային ապահովումը:

«Անկախ իսրայէլեան մտադրութիւններու բնոյթէն, ոմանց իրերայաջորդ կերպով Լիբանանի դէմ լայնածաւալ պատերազմի մասին ահազանգ հնչեցնելը զարմանալի է եւ կը հակասէ ազգային պատասխանատուութեան ոգիին», կ՛ըսէ Պըրրի:

Օրաթերթը կը նշէ, թէ Պըրրի կը գովէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի բանակցութեան եւ զէնքի թղթածրարներուն նկատմամբ մօտեցումը` «Ժումհուրիա»-ին յայտնելով. «Այս թղթածրարին վրայ աշխատելու անոր գործելաոճը լաւ է»:

Պըրրի ոմանց կողմէ վերջին փուլին իր եւ Հըզպալլայի միջեւ նոր տարակարծութիւններու մասին շրջանառուող լուրերուն մասին «Ժումհուրիա»-ի հարցումին կը պատասխանէ ժպիտը դէմքին` նշելով. «Ո՛չ ես, ո՛չ ալ կուսակցութիւնը լուր ունինք… Թող դատարկաբանութիւն կատարեն»:

Ինչ կը վերաբերի ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի զգուշացման, թէ յայտարարութիւնները բաւարար չեն, եւ պէտք է Հըզպալլան զինաթափելու գործնական քայլեր որդեգրել, Պըրրի կը նշէ. «Անոր խօսքը կառավարութեան ուղղուած է: Ես, իմ կողմէս, լուծումներու որոնման շարունակումով հետաքրքրուած եմ»:

Պըրրի խորհրդարանի այսօրուան նիստի նախօրեակին կը շեշտէ արդարադատութեան անկախութեան եւ դրամատուներու վերադասաւորման վերաբերող երկու օրինագիծները որդեգրելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ ինք, իբրեւ օրէնսդիր մարմինի նախագահ, այդ առնչութեամբ իր բաժինը կատարած է եւ արտաքին պահանջ ըլլալէ առաջ ազգային կարիք եղող անհրաժեշտ բարեկարգումներու գործադրութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեան գործնական արտայայտութիւնը տուած:

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Մեկնարկը Կը Կատարէ «Մարմնակրթութիւնը Բոլորին Համար» Ծրագիրին

Յաջորդը

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.