Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 29, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին ժողովի մը:

. ՔՈՒԷՅԹԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հըզպալլան ու «Քարտ հասան»-ը ներառեց պատժամիջոցներու եւ հաշիւներու սառեցման պատժամիջոցներու գործադրութեան ցուցակին վրայ:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ամերիկեան պատասխանին բովանդակութիւնը գրեթէ ծանօթ է, եւ հարցերը դէպի վատթարացում կ՛ուղղուին: Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի` կառավարութեան ու անոր պատասխանատուութեան մասին խօսքը փաստ է, թէ իսրայէլացին պիտի չզիջի եւ լիբանանեան հողերէն հեռանալու պիտի չնախաձեռնէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք իրեն հետ նորութիւն չի բերեր, այլ` նախապէս նշուածին յիշեցում մը: Համաձայնութիւնը կը պահանջէ, որ Հըզպալլան 1 օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրելու իր պատրաստակամութիւնը յայտարարէ, իսկ լիբանանեան կառավարութիւնը միեւնոյն ժամանակ զէնքի մենաշնորհի հաստատման փուլային ծրագիր մը յայտարարէ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակին հնչեցուցած բարձր նշաձողով կեցուածքները պետական բարձր մակարդակի հաղորդակցութեան անհրաժեշտութիւն ստեղծեցին եւ ցոյց տուին, թէ զէնքի յանձնման նիւթը Պարրաքի խօսքէն մեկնելով հրատապ դարձաւ»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Սահմանային շրջանը կրակոցի տակ արգելակիչ գօտի դարձաւ, եւ Իսրայէլ բնակիչներու եւ տուներու դէմ յարձակումներ գործելէ ետ չի կանգնիր»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Հակառակ ներթափանցման դէպքերու ականատես դարձող արեւելեան սահմանի վրայ տիրող հանդարտութեան, սահմանային շրջաններու բնակիչները իրենց բնական կեանքը կ՛ապրին, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ անոնք միեւնոյն ժամանակ մտահոգ չեն»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, թէ լրատուամիջոցներու, մամուլի եւ ելեկտրոնային կայքերու վրայ շրջանառուող լուրը, թէ լիբանանեան բանակը Ալիէ շրջանին մէջ Համաս շարժումին պատկանող զինեալներու մարզումի ճամբար մը կազմաքանդած է, ճիշդ չէ:

Համաս ընդգծեց, թէ նշեալ շրջանին մէջ կամ Լիբանանի որեւէ այլ վայրին մէջ զինեալներու մարզման ճամբար չունի «եւ արդէն իսկ ատոր չի ձգտիր»:

 

 

Նախորդը

Թրամփ. «Ես Չեմ Կարծեր, Որ Կազայի Մէջ Սով Կայ. Ատիկա Կրնայ Թերսնման Կապուած Ըլլայ, Որովհետեւ Համաս Օժանդակութիւնները Կը Գողնայ»

Յաջորդը

Քրեմլին Սեպտեմբերին Չինաստանի Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպում Մը Չի Բացառեր

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.