Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուիթքոֆ Կազայի Շուրջ Բանակցութենէն Հեռանալն Ու Այլընտրանքներու Սերտումը Կը Յայտարարէ

July 26, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ Տոհայի մէջ Կազայի շուրջ բանակցութիւններէն հեռանալը յայտարարեց եւ դատապարտեց պաղեստինեան Համաս շարժումի «անձնասէր» դիրքորոշումը:

Ուիթքոֆ նշեց, թէ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու փոխանակման շուրջ Տոհայի բանակցութիւններուն ձախողութենէն ետք այլընտրանքներ կը սերտէ:

Ան ընդգծեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնել չփափաքիլը բոլորին յստակ է:

Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով զարմանք յայտնեց ամերիկացի պատուիրակի յայտարարութեան նկատմամբ` նշելով, որ շարժումը բանակցութիւններու սկիզբէն ի վեր «ազգային ամենայն պատասխանատուութեամբ ու տարբեր թղթածրարներու մէջ մեծ ճկունութեամբ գործեց եւ նախանձախնդիր եղաւ հասնելու համաձայնութեան մը, որ յարձակումը կը դադրեցնէ եւ վերջ կու տայ Կազայի մէջ մեր ժողովուրդի տառապանքին»:

Շարժումը նշեց, որ դրական ընկալած է իր ստացած բոլոր նկատողութիւնները, «ինչ որ միջնորդութեան ջանքերը յաջողցնելու անկեղծ յանձնառութիւն եւ ներկայացուած բոլոր նախաձեռնութիւններու դրական ընկալում կ՛արտացոլէ»:

«Զարմանք կը յայտնենք ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի` շարժումի դիրքորոշման առնչութեամբ ժխտական յայտարարութիւններուն նկատմամբ, երբ միջնորդները ողջունեցին եւ գոհունակութիւն յայտնեցին այս շինիչ եւ դրական դիրքորոշման նկատմամբ, որ դուռը կը բանայ համապարփակ համաձայնութեան գոյացման դիմաց», շեշտեց Համաս:

Պաղեստինեան շարժումը «իր նախանձախնդրութիւնը կը յայտնէ բանակցութիւնները շարունակելու եւ անոր մէջ ներգրաւուելու` ինչ որ կը նպաստէ խոչընդոտներու վերացման եւ զինադադարի տեւական համաձայնութեան հասնելու»:

 

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Ֆրանսա Որոշեց Ճանչնալ Պաղեստինի Պետութիւնը»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.