Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, թէ Ֆրանսա կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը` ընդգծելով Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու եւ քաղաքայինները փրկելու հրատապ կարիքը:
Մաքրոն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Յարգելով Միջին Արեւելքի մէջ արդար ու տեւական խաղաղութեան նկատմամբ մեր պատմական յանձնառութիւնը` Ֆրանսան որոշեց ճանչնալ Պաղեստինի պետութիւնը, եւ յառաջիկայ սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին մէջ նշման հաղորդագրութիւն մը պիտի յայտարարեմ»:
«Այսօր հրատապ կարիք կայ Կազայի մէջ պատերազմը աւարտելու եւ քաղաքային բնակչութիւնը փրկելու: Խաղաղութիւնը կարելի է», աւելցուց Ֆրանսայի նախագահը:
«Պէտք է զինադադարը անմիջապէս գործադրենք, ազատ արձակենք բոլոր գերիները եւ Կազայի բնակչութեան մարդասիրական հսկայական օժանդակութիւններ տրամադրենք: Ինչպէս նաեւ պէտք է զինուորական գետնի վրայ երաշխաւորենք Համասի զինաթափումը, երաշխաւորելու Կազայի գոյութիւնը եւ երաշխաւորելու, որ զինաթափուիլ եւ Իսրայէլը լիարժէք կերպով ճանչնալ ընդունիլը պիտի նպաստէ Միջին Արեւելքի մէջ բոլորին անվտանգութեան: Ատոր այլընտրանքը չկայ», ըսաւ ան:
«Ֆրանսացիները Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն կ՛ուզեն, եւ իբրեւ ֆրանսացիներ իսրայէլացիներուն, պաղեստինցիներուն եւ եւրոպացի ու միջազգային մեր գործընկերներուն հետ մեր դերը փաստելն է, թէ ատիկա կարելի է», յայտնեց Մաքրոն:
«Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ինծի ներկայացուցած յանձնառութիւններուն լոյսին տակ մտադրութիւնս յայտնեցի պաղեստինցի պետութեան ճանաչման ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու», եզրափակեց Ֆրանսայի նախագահը:
Արաբական Եւ Միջազգային Արձագանգներ
Պաղեստինեան իշխանութեան փոխնախագահ Հիւսէյն Շէյխ յայտնեց, որ այս դիրքորոշումը «կը ներկայացնէ Ֆրանսայի միջազգային օրէնքը յարգելը եւ պաղեստինցի ժողովուրդին ինքնորոշման եւ իր անկախ պետութիւն ստեղծելու իրաւունքին աջակցութիւնը»:
Համաս շարժումը յայտնեց, թէ Մաքրոնի որոշումը «անիրաւուած մեր պաղեստինցի ժողովուրդին արդարութիւն կատարելու ճիշդ ուղղութեամբ կատարուած դրական քայլ է», որ կը նկատուի «քաղաքական զարգացում մը, որ կ՛արտացոլէ պաղեստինեան դատի արդարութեան վերաբերեալ միջազգային համոզումին աճը»:
Համաս բոլոր, մասնաւորաբար եւրոպական պետութիւններուն կոչ ուղղեց հետեւելու Ֆրանսայի օրինակին:
«Այսպիսի միջազգային քայլերը բռնագրաւումին վրայ քաղաքական ու բարոյական ճնշում են», նշեց շարժումը:
Սէուտական Արաբիան ողջունեց այս «պատմական որոշումը», որ կը հաստատէ «իր անկախ պետութիւնը ունենալու պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց մնացեալ պետութիւններուն նոյնպիսի «դրական քայլեր եւ խաղաղութեան ու եղբայրական պաղեստինցի ժողովուրդին աջակցութեան լուրջ դիրոքորոշումներ որդեգրելու կարեւորութիւնը»:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Մաքրոնի յայտարարութիւնը եւ զայն նկատեց «պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ իրենց հայրենի հողին վրայ անկախ ու գերիշխան իրենց պետութիւնը ստեղծելու աներկբայելի իրաւունքի մերժման ջանքերու դիմակայման կարեւոր քայլ»:
Յորդանան նշեց, թէ Մաքրոնի քայլը «երկու պետութիւններ լուծումի եւ բռնագրաւումին վերջ տալու ուղղութեամբ ճիշդ քայլ է»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու դատապարտեց Ֆրանսայի որոշումը` զայն նկատելով «ահաբեկչութիւնը վարձատրող» եւ Իսրայէլի դէմ գոյութենական վտանգ ներկայացնող:
Ըստ Նեթանիահուի, պաղեստինցիները «չեն ձգտիր Իսրայէլի կողքին պետութեան, այլ կ՛ուզեն Իսրայէլը փոխարինող պետութիւն մը»:
Իսրայէլի վարչապետի տեղակալ Եարիւ Լեւին քննադատեց որոշումը եւ զայն նկատեց «Ֆրանսայի պատմութեան մէջ սեւ կէտ մը եւ ահաբեկչութեան ուղղակի աջակցութիւն»` փոխարէնը ընդգծելով. «Ժամանակն է, որ իսրայէլեան գերիշխանութիւնը կիրարկուի» Այսրյորդանանի մէջ:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Մաքրոնի որոշումը նկատեց «ահաբեկչութեան անձնատուութիւն եւ Համասի վարձատրութիւն»` աւելցնելով. «Պիտի չարտօնենք ստեղծումը պաղեստինեան գոյացութեան մը, որ կը սպառնայ մեր անվտանգութեան եւ գոյութեան»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ «բուռն կերպով կը մերժեն պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու Ֆրանսայի նախագահի ծրագիրը»:
«Ֆրանսայի նախագահի որոշումը անպատասխանատու է, միայն Համասի քարոզչութեան կը ծառայէ եւ խաղաղութիւնը կը խոչընդոտէ»:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր իր կառավարութեան նախարարներէն եւ բարձրաստիճան անդամներէն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի կողմէ ճնշումի կ՛ենթարկուի Պաղեստինը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալու համար:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ողջունեց Ֆրանսայի նախագահի` «Պաղեստինի պետութիւնը մօտ օրէն ճանչնալու որոշումը», զայն նկատելով «պաղեստինեան իրաւունքի յաղթանակը»:
«Այս քայլը պաղեստինեան իրաւունքին համար յաղթանակ է եւ կ՛արտացոլէ պաղեստինցի ժողովուրդին, անոր հողին ու հայրենիքին մէջ հաստատ ու օրինական իրաւունքներուն աջակցելու Ֆրանսայի նախանձախնդրութիւնը», նշեց Ապպաս: