Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հաղորդէ. «Նախարարը Կը Հետեւի Սուէյտայի Մէջ Զինուորական Տարազ Հագած Անծանօթներու Կողմէ Ցնցիչ Ոտնձգութիւններու Մասին Տեղեկութիւններուն»

July 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց. «Նախարարը կը հետեւի Սուէյտայի մէջ զինուորական տարազ հագած անծանօթներու կողմէ ցնցիչ ոտնձգութիւններու մասին տեղեկութիւններուն»:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան գրասենեակը նաեւ հաղորդեց, որ կազմուած է Սուէյտա քաղաքին մէջ ոտնձգութիւններու հարցով եւ անոնց հեղինակներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելու համար յանձնախումբը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտնած է. «Սուրիական ուժերը Սուէյտա մուտք չգործեցին, եւ այդտեղ գործուած ահաւոր արարքները կառավարական ուժերուն կողմէ չեն կատարուած»:

«Ներկայ կառավարութեան իրատեսական այլընտրանքի չգոյութեան լոյսին տակ Սուրիոյ մէջ վտանգները շատ բարձր են», նշած է ան` աւելցնելով. «Այլընտրանքային ծրագիր չկայ, եւ եթէ սուրիական կառավարութիւնը ձախողի, ապա կայ մէկը, որ կը փորձէ զայն դիտաւորեալ կերպով տապալել. հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ»:

«Իսրայէլին ուղղած պատգամս է երկխօսութեան ձեռնարկել` մեղմացնելու համար Սուրիոյ մէջ սիւննի նոր ղեկավարութեան նկատմամբ իր մտավախութիւնը», աւելցուց ան:

«Ուաշինկթըն կրնայ պարկեշտ միջնորդի դեր կատարել եւ լուծել սուրիական վարչակարգին նկատմամբ իսրայէլեան որեւէ մտավախութիւն», նշեց ամերիկացի պատուիրակը:

«Կայունութեան, միասնականութեան, արդարութեան ու ներառականութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտելէ բացի սուրիական քաղաքական վարչակարգի ձեւը չենք թելադրեր», շեշտեց Պարրաք:

 

Նախորդը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Այսօր Միացեալ Նահանգներ – Իսրայէլ – Սուրիա Եռակողմ Ժողով` Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Փոխհասկացողութիւններու Քննարկման Համար

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Ու Ներկայացուցիչներու Տան Ներկայացուած Են Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Գործած Ցեղային Զտումները Դատապարտող Բանաձեւեր

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.