Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը կը գրէ. «Բարձրաստիճան մակարդակի պետական ու կրօնական հեղինակութիւններու միջեւ լուրջ ու կազմակերպ աշխատանք կը տարուի` Սուրիոյ մէջ վերջին դէպքերու հետեւանքները վերահսկողութեան տակ առնելու եւ Լիբանանի մէջ անոնց արձագանգները արգիլելու համար»:

. ԸՍՏ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին, «ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքին ներկայացուած փաստաթուղթին վերաբերեալ որեւէ նոր բան տեղի չունեցաւ, եւ հարցերը տակաւին կանգնած են երաշխիքներուն վրայ, մինչ Հըզպալլան իր զէնքին կառչելուն վրայ աւելի կը շեշտէ, եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի երկուշաբթի գիշեր կատարած երկարատեւ հաղորդակցութիւնները չյաջողեցան անոր դիրքորոշումը փոխել»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ալի Համտան երեքշաբթի գիշեր իբրեւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի խորհրդական այցելեց Պաապտայի պալատ եւ հանրապետութեան նախագահէն ծանօթացաւ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի հետ իր հանդիպումի մթնոլորտին»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ. «Ներքին գործոց նախարարութիւնը տակաւին կը մերժէ ոստիկանատուներուն հարաւ վերադարձը, որովհետեւ ապահովական կացութիւնը ատիկա չ՛արտօներ, եւ պետութիւնը կարելիութիւն չունի վերանորոգելու ոստիկանատուները կամ վերաշիներու քանդուածները, եւ մինչեւ հիմա բանակին կատարածին նման այլընտրանքային կեդրոններ ստեղծելու մտադրութիւն չկայ»:

. ԵԳԻՊՏՈՍԻ դեսպանատան առջեւ բանակայիններու եւ նստացոյց կատարողներու միջեւ բախում տեղի ունեցաւ, երբ Կազայի դէմ հաստատուած շրջափակման նկատմամբ բողոք կատարող շարք մը ցուցարարներ փորձեցին փշաթելը անցնելով մուտք գործել դեսպանատան շէնք:

. ԱՖՓ հաղորդեց, որ Ֆրանսայի մէջ իսրայէլացի դիւանագէտի մը եւ ամերիկացի դիւանագէտի մը Փարիզի մէջ ահաբեկչման հարցով 1984-ին ձերբակալուած եւ 1987-ին ֆրանսական դատարանին կողմէ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Ժորժ Իպրահիմ Ապտալլա ուրբաթ օր իր բանտախուցէն դուրս գալով պիտի վերադառնայ Լիբանան:

 

 

Նախորդը

Ամերիկացի 87 Քոնկրեսականներ Սպիտակ Տան Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղեն Ապահովել Հայերու Անվտանգ Վերադարձը Արցախ

Յաջորդը

Պքերքէ Այցելելէ Ետք. Պարրաք. «Եթէ Կայունութիւն Չհաստատէք, Ոչ Ոք Փրկելու Պիտի Գայ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.