Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամով. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հասնելու Համար Լաւ Հեռանկարներ Կան, Սակայն Շատ Մը Քայլեր Անհրաժեշտ Են»

Յուլիս 23, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու երկկողմանի եւ ընդլայնուած կազմով հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են շրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթը:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոճորիշվիլիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

«Քննարկումներու ընթացքին անդրադարձանք համաշխարհային գործընթացներուն, շրջանին սպառնացող հաւանական անվտանգային մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն: Իմ յարգարժան պաշտօնակիցիս մանրամասն տեղեկացուցած են Հայաստան- Ազրպէյճան յետպատերազմեան հոլովոյթներու մասին, յատկապէս ընթացիկ փուլին մէջ: Այդ ծիրին մէջ անդրադարձած եմ նաեւ 10 յուլիսին Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու բանակցութիւններուն եւ գոյութիւն ունեցող դրական ընթացքին: Մենք կը նկատենք, որ խաղաղութեան ուղին ունի լաւ հեռանկարներ: Անիկա իրական է, սակայն այդ ճամբուն աւարտին հասնելու համար անհրաժեշտ շարք մը քայլեր տակաւին չեն կատարուած, յատկապէս հայկական կողմէն», նշած է Պայրամով:

Ան կրկնած է Պաքուի պնդումները, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի մէջ կատարուի հանրաքուէ` երկրի սահմանադրութենէն Ազրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջները բացառելու նպատակով:

«Պէտք է քայլեր ձեռնարկուին հանրաքուէ կատարելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ լիովին իր գործառոյթը կորսնցուցած ու գործնականին մէջ գոյութիւն չունեցող Մինսքի խմբակի եւ ատոր ձեւաչափերու լուծարման համար», նշած է Պայրամով:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Պատանիներու Ազգային Խումբը Յաջորդական Իր 2-րդ Մրցումը Յաղթեց

Յաջորդը

Լեւոն Տէր Պետրոսեան Իշխանութիւններէն Պահանջեց Դադրեցնել Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?