Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաժժի. «Լիբանան Պիտի Չհրաժարի Իր Արաբական Միջավայրէն, Եւ Պահրէյնի Հետ Կապը Վերականգնելու Կառավարութեան Որոշումը Անդառնալի Է»

July 23, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի յայտնեց. «Լիբանանի եւ Պահրէյնի միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները երբեք չեն դադրած, անոնք որոշ ժամանակի համար եւ որոշներու ձեռքով քաղաքականութեան մէջ ընդհատուեցաւ, սակայն արմատացած կը մնան երկու ժողովուրդներուն էութեան մէջ, հակառակ այն թերութիւններուն, որոնք ազդեցին իրենց միջեւ յարաբերութիւններուն, եւ որոնք այժմ մեր ետին մնացած են»:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը պահրէյնեան «Այիամ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Լիբանան երբեք չէ հրաժարած եւ պիտի չհրաժարի իր արաբական միջավայրէն եւ իր արաբ եղբայրներուն հետ յարաբերութիւններէն: Ան չի մոռնար Պահրէյնի թագաւորութեան արաբական եղբայրական այլ պետութիւններու հետ իր անցած բոլոր տագնապներուն ընթացքին իր կողքին կանգնիլը»:

«Ներկայ Լիբանանը նոր ժամանակաշրջան մուտք գործեց, եւ չափազանց նախանձախնդիր է ամրապնդելու Պահրէյնի թագաւորութեան հետ իր յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարձրացնելու աւելի լաւ մակարդակներու, ինչ որ կը ծառայէ երկու եղբայրական պետութիւններու շահերուն»:

«Մեկնելով ասկէ, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի Մանամա այցելութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ, որովհետեւ ջնջելու համար է որեւէ թերութիւն, որ նախապէս երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ եղած է, եւ ընդգծելու, որ Լիբանան կը մերժէ Պահրէյնի եւ անոր գերիշխանութեան դէմ որեւէ սադրանք, փոխարէնը կը ձգտի թագաւորութեան հետ ռազմավարական լաւագոյն գործընկերութիւն հաստատել եւ անոր հետ համակարգում ու գործակցութիւն հաստատել, մասնաւորաբար շրջանային զարգացումներուն եւ ներկայիս շրջանին մէջ ընթացող փոփոխութիւններուն լոյսին տակ», ըսաւ լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Լիբանանի կառավարութեան Պահրէյնի եւ արաբական այլ պետութիւններու հետ խզուած յարաբերութիւնները վերականգնելու որոշումը անդառնալի է», յայտարարեց Ռաժժի:

«Լիբանան անհամբեր կը սպասէ Պէյրութի մէջ թագաւորութեան դեսպանատան վերաբացման եւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերաշխուժացնելու համար Լիբանան հաստատուած դեսպանի նշանակման», աւելցուց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Արսլանի Հետ Քննարկեց Սուէյտայի Կացութիւնն Ու Լիբանանի Կայունութիւնը Պաշտպանելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.