Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուէյտայի Մէջ Զինադադար Յայտարարուեցաւ

July 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահութիւնը Սուէյտայի մէջ «ամբողջական եւ անմիջական» զինադադար յայտարարեց` «սուրիացիներու կեանքերը խնայելու, սուրիական հողերուն ամբողջականութեան պահպանման եւ անոր ժողովուրդի անվտանգութեան նկատմամբ նախանձախնդրութենէն մղուած, եւ ընդառաջելով ազգային ու մարդկային պատասխանատուութեան»:

Նախագահութիւնը բոլորը յորդորեց «սուրիական պետութեան, անոր հաստատութիւններուն եւ ուժերուն առիթ ընծայելու այս զինադադարը պատասխանատուութեամբ գործադրելու, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ կայունութեան հաստատումն ու արիւնահեղութեան դադրեցումը»:

Սուրիոյ նախագահական պալատը բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «ամբողջապէս յարգելու այս որոշումը, բոլոր շրջաններուն մէջ անմիջապէս դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները, երաշխաւորելու քաղաքայիններու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովելու մարդասիրական օժանդակութիւններու անխոչընդոտ հասանելիութիւնը»:

Նախագահութիւնը նաեւ զգուշացուց. «Այս որոշումի որեւէ խախտում ազգային գերիշխանութեան բացայայտ խախտում մը պիտի նկատուի, եւ անոր դէմ պիտի որդեգրուին սահմանադրութեան եւ առկայ օրէնքներուն համահունչ իրաւական անհրաժեշտ քայլեր»:

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Սուէյտայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութենէն ետք խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Սուէյտա նահանգին մէջ արձանագրուած վերջին դէպքերը վտանգաւոր շրջադարձ մըն էին, եւ բուռն բախումները վերահսկողութենէ դուրս պիտի գային, եթէ սուրիական պետութիւնը կացութեան հանդարտեցման համար չմիջամտէր»:

«Սուէյտայի մէջ զարգացումներուն միջամտելու եւ երկիրին մէջ անվտանգութիւնը վերականգնելու միջազգային կոչեր ստացանք», նշեց Շարհ` աւելցնելով. «Իսրայէլեան միջամտութիւնը հարաւի եւ Դամասկոսի ռմբակոծումէն ետք վերականգնեց Սուէյտայի մէջ լարուածութիւնը»:

«Սուրիական պետութիւնը միայն կարող է սուրիական բոլոր հողերուն վրայ իր հեղինակութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանել», շեշտեց Սուրիոյ նախագահը:

«Կը գնահատենք դերակատարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն, որոնք ընդգծեցին, թէ Սուրիոյ կողքին կը կանգնին: Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ցեղախումբերուն` իրենց հերոսական կեցուածքներուն համար, եւ անոնց կոչ կ՛ուղղենք` ամբողջական զինադադար հաստատելու»:

Շարհ նաեւ ըսաւ. «Ճիշդ չէ ամբողջ տիւրզի համայնքը դատել սակաւաթիւ մարդոց արարքներուն համար»` աւելցնելով. «Դէպքերը փաստեցին, թէ Սուէյտայի զաւակները, բացառութեամբ փոքր խմբակի մը, պետութեան կողքին կը կանգնին»:

«Մենք կը մերժենք Սուէյտա նահանգին մէջ տեղի ունեցած բոլոր ջարդերն ու ոտնձգութիւնները», յայտարարեց ան:

«Ներկայ նուրբ կացութիւնը պետեւիներէն եւ տիւրզիներէն կը պահանջէ միախմբուիլ», յայտնեց Սուրիոյ նախագահը` նշելով. «Սուրիան անջատողական ծրագիրներու վայր չէ, եւ պէտք է ամենայն վճռակամութեամբ դէմ դնել համայնքայնութեան կրակը բորբոքել ուզողներուն»:

«Պետութեան ուժը անոր ժողովուրդին միասնականութեան մէջ է: Կը շեշտենք բոլորին համար արդարութեան իրագործման անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Շարհ:

Սուրիոյ նախագահը նաեւ նշեց. «Պետութիւնը յանձնառու է յարգելու համայնքներն ու բոլոր փոքրամասնութիւնները եւ կը ձեռնարկէ հաշուետուութեան ենթարկել բոլոր անոնք, որոնք խախտում կատարեցին, որ կողմէն ալ որ ըլլան, եւ կը շեշտենք բոլորին համար արդարութեան իրագործման կարեւորութիւնը, եւ ոչ ոք անպատիժ պիտի մնայ»:

Սուրիական ցեղախումբերու եւ աշիրեթներու խորհուրդը յայտարարեց. «Մենք հաւատարմութիւն կը յայտնենք պետութեան զինադադարի հաստատման վերաբերեալ որոշումներուն, եւ պետութիւնը ի վիճակի է վերականգնելու մեր իրաւունքները»:

Ցեղախումբերու եւ աշիրեթներու խորհուրդը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Մենք մեր իրաւունքները պիտի ստանանք օրէնքին հիմամբ եւ պետութեան ծիրին մէջ»` աւելցնելով. «Եթէ միւս կողմը (զինադադարին) յանձնառու չդառնայ, ապա որեւէ պահու պատրաստ պիտի ըլլանք»:

Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու հոգեւոր ղեկավարութիւնը հրապարակեց համաձայնութեան մանրամասնութիւնները: Ղեկավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Համաձայնութիւն գոյացաւ Սուէյտա նահանգի վարչական սահմաններէն դուրս ընդհանուր ապահովութեան ուժերու անցարգելներ հաստատելու` զսպելու համար բախումը եւ արգիլելու որեւէ խմբաւորումի նահանգ ներթափանցումը»:

«Համաձայնութեան պահէն 48 ժամուան ընթացքին որեւէ կողմի սահմանային գիւղեր մուտքը կ՛արգիլուի` միւս կողմին վրայ ապահովական ուժերու տեղակայման առիթ ընծայելու համար` խուսափելու համար որեւէ անակնկալ յարձակումէ», նշեց հաղորդագրութիւնը` աւելցնելով, որ նահանգին մէջ մնացած պետեւիներուն կ՛արտօնուի անվտանգ կերպով եւ առանց որեւէ կողմէ վատ վերաբերմունքին դուրս գալ», ու շտապ եւ մարդասիրական պատճառներով դուրս գալու համար ապահով անցքեր ճշդուած են Պասրա Հարիրի եւ Պասրա Շամի ճամբով:

Տիւրզիներու հոգեւոր ղեկավարութիւնը տիւրզիներուն կոչ ուղղեց` Սուէյտա նահանգի վարչական սահմաններէն դուրս չգալու եւ խուսափելու որեւէ գրգռիչ եւ մարտական քայլերէ` ընդգծելով, որ նման քայլ կատարող որեւէ կողմ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններու տապալման համար ամբողջական պատասխանատուութիւն պիտի կրէ:

Ղեկավարութիւնը երէկ ալ կոչ ուղղեց` «զինուորական յարձակումները անմիջապէս դադրեցնելու եւ Դամասկոսի կառավարութեան ուժերը հեռացնելու»:

 

Նախորդը

Սահեր. «Շարհին Ճառը Նախայարձակ Ժիհատականներուն Աջակցութեան Ցուցադրութիւն Էր»

Յաջորդը

Խմբագրական. Համաերիտասարդականը Համա-ՀՄԸՄ-ականն ու Ֆորումը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.