Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապի Մունա. «Բացարձակապէս Կը Մերժենք Սուէյտայի Դէպքերու Լիբանանեան Բեմին Վրայ Որեւէ Արձագանգ Ունենալը»

July 19, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա յայտնեց, որ բացարձակապէս կը մերժէ Սուէյտայի դէպքերուն լիբանանեան բեմին վրայ որեւէ արձագանգ ունենալը, կամ որեւէ ազդակ, որ կը նպաստէ հասարակութեան պառակտման եւ սադրանքը անոր անցնելուն: «Ասիկա կտրուկ կերպով կը մերժենք, եւ մենք, Տար Ֆաթուան, սիւննի անձնաւորութիւններն ու բոլոր պաշտօնատարները մէկ դիրքորոշում ունինք», ընդգծեց ան:

Ապի Մունա «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Եթէ որոշ երիտասարդներ սիւննի համայնքէն իրենց եղբայրներուն նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարեցին, կամ հակառակը` սիւննի համայնքէն ծայրայեղական երիտասարդներ տիւրզի համայնքէն երիտասարդներու վրայ ոտնձգութիւն կատարեցին, երկու պարագաներն ալ դատապարտելի եւ մերժելի են, եւ ապահովական մարմինները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկեն ապահովութիւնը խախտողները:

«Մենք միշտ կապի մէջ ենք սիւննի անձնաւորութիւններու եւ նախ եւ առաջ հանրապետութեան միւֆթիին հետ, եւ այսպիսի դժուար պայմաններու մէջ մեր դիրքորոշումը կ՛ունենանք սադրանքէն խուսափելու եւ արգիլելու համար ծայրայեղականութիւնը, որ սիւննի եւ տիւրզի համայնքներուն իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի»:

Պատասխանելով Սուէյտայի մէջ իսրայէլեան միջամտութեան մասին հարցումի մը` տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետը ըսաւ. «Կը մերժենք իսրայէլեան միջամտութիւնը կամ իսրայէլեան պաշտպանութիւնը, սակայն սուրիական պետութիւնը պէտք է իր պատասխանատուութեան տէր կանգնի: Այն, ինչ որ Սուէյտայի մէջ տեղի ունեցաւ, ամօթալի եւ վարկաբեկիչ է եւ Ժապալ Արապի ու պետութեան միջեւ բացը խորացուց: Գոյացած համաձայնութիւնը թերեւս տեղի ունեցածը կը դարմանէ, սակայն հովանաւորներու կարիք ունի: Այսօր Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին հետ խօսեցայ եւ առնուազն արաբական կամ իսլամական հովանաւորութիւն խնդրեցի` մարդոց եւ իրենց պետութեան միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու համար»:

«Գոյութիւն ունին ծայրայեղականներ, որոնք պետութեան քողին տակ թաքնուած են: Անոնց պատասխանատուութիւնը պետութիւնը կը կրէ, անոնք հինգերորդ շարասիւն ըլլան կամ ծայրահեղական իսլամականներ, անոնց պատասխանատուն պետութիւնն է, եւ զանոնք պէտք է փողոցը զսպէ: Իսկ մեր համայնքի զաւակները յարձակում չգործեցին եւ այլ շրջան չգացին, այլ իրենց շրջանները կը պաշտպանեն: Անոնք եւս պէտք է ողջախոհ ու իմաստուն ըլլան եւ հանդարտութեամբ վարուին, որովհետեւ ի վերջոյ այս հայրենիքին մէջ գործընկերներ են եւ պէտք է անոր զաւակներուն օգնեն», յայտնեց Ապի Մունա:

«Սուրիական պետութիւնը անկարո՞ղ է այդ ծայրայեղականները եւ սանձարձակութիւն կատարող խմբաւորումները զսպել, թէ Աստուած չընէ այլ բան մը կայ», հարց տուաւ ան` նշելով. «Անոնք ապահովական զօրամասի անդամներ են, եւ ի յայտ եկաւ, որ ոճրագործներ են»:

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Ապաատ Միութեան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Տիւրզիներու Հոգեւոր Պետն Ու Հանրապետութեան Միւֆթին Կոչ Կ՛ուղղեն` Սադրանքի Թակարդը Իյնալէն Զգուշանալու

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.