Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Հեղինակաւոր Բժիշկ Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան

July 19, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 15 յուլիսին յետ երկարատեւ հիւանդութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ   մահացաւ միջազգային ակադեմական շրջանակներու մէջ հեղինակութիւն ամրագրած, համաճարակաբան, ազգային կեանքին մէջ վաստակաւոր ներդրում ունեցած փրոֆ.  Յարութիւն Արմէնեանը:

Ան 1942 թուականին ծնած է Պէյրութ, աւարտած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալէ եւ բժշկագիտութեան դոկտորի աստիճանին տիրանալէ ետք ուսումը շարունակած է Պալթիմորի Ճոնզ Հոփքինզ համալսարանին մէջ` ստանալով հանրային առողջապահութեան բնագաւառի մագիստրոսի եւ դոկտորականի աստիճաններ:

Դասախօսած եւ պատասխանատու բարձր պաշտօններ վարած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին, Պալթիմորի Ճոնզ Հոփքինզ համալսարանին, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» հանրային առողջապահութեան բաժանմունքին եւ այլ բարձրաստիճան կրթական-առողջապահական կառոյցներու մէջ:

Փրոֆ. Արմէնեան հեղինակ է բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու, համահեղինակ է գիրքերու, որոնք հիմնականօրէն նուիրուած են համաճարակաբանութեան, հանրային առողջապահութեան, կանխարգելիչ եւ գործնական բժշկութեան հարցերուն:

Տարբեր երկիրներու մէջ ծաւալած է նաեւ մարդասիրական աշխատանքներ` միջազգային կառոյցներու ճամբով:

Ազգային-մշակութային բնագաւառին մէջ Յարութիւն Արմէնեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն` իբրեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ երկար տարիներու վաստակաւոր, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ, «Գարակէօզեան» յիշատակը ձեռնարկի հոգաբարձու խորհուրդի անդամ, Լիբանանի հայ բժիշկներու միութեան գործադիր մարմնի անդամ եւ այլն:

Արժանացած է «Մովսէս Խորենացի»,«Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» եւ «Մայրի»-ի շքանշաններու:

Ակադեմական իր կրթութեան եւ գործունէութեան կողքին Յարութիւն Արմէնեան սիրողական արուեստագէտ է, որեւէ պահու եւ որեւէ տեղ շրջապատէն կամ ներաշխարհէն իրեն փոխանցուած ներշնչումը կը յանձնէ թուղթին` նորանոր եւ տարբեր բնոյթի ստեղծագործութիւններու «շունչ փչելով», ինչպէս ըսած  է ան` աւելցնելով, որ ո՛ւր ալ երթայ, իր ջրաներկի տուփը կը հանդիսանայ իր անբաժան ընկերը, որովհետեւ որեւէ վայրկեան ան ներքին մղում կ՛ունենայ գծելու եւ պահը կամ բնապատկերը անմահացնելու իր պաստառներուն ճամբով:

«Ազդակ»-ի ընտանիքը, որուն մօտ եղած է եւ բազմաթիւ հարցազրոյցներ տուած է փրոֆ. Արմէնեան, կը ցաւակցի ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Աւելի Քան 600 Սկաուտներ Այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

Աղջկանց Եուրօ. Անգլիա Հասաւ Կիսաւարտական

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.