Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սուէյտայի Գործողութիւններուն Ետին

July 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուէյտայի մէջ արձանագրուած ռազմական բախումները որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդեն: Առաջին տեսանելին` կառավարական ուժեր եւ յարակից զինեալ խմբաւորումներ կ՛իրականացնեն ներսուրիական ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան գործողութիւններ: Ազգաբնակչային տեսք ունին այդ գործողութիւնները, որովհետեւ նոյն ուժերը նման բախումներ ունեցան ծովեզերեայ տարածքին վրայ ապրող ալեւի համայնքին հետ: Հիմա Սուէյտայի մէջ` տիւրզիներու դէմ: Յարակից այլ խմբաւորումներու կողմէ իրականացուած գործողութիւնները միջազգային տարբեր կեդրոններէ նկատուեցան ռազմական յանցագործութիւններ կամ ցեղային զտման միտող  յարձակումներ:

Եթէ ներսուրիական ժողովրդագրական պատկերի շրջածիրին մէջ շարունակենք քննարկել խնդիրը, այստեղ կը պարզուի երեք հիմնական ուղղութիւն: Քրտական գօտին, ծովեզերեայ ալեւիական շրջանը եւ իսրայէլամերձ տիւրզիներով բնակուած տարածքները: Երեք ուղղութիւնները լուսարձակի տակ կու գան` անոնց զինեալ խմբաւորումներ ունեցած ըլլալու հանգամանքները նկատի ունենալով:

Առաջին գօտին` քրտականը, ամէնէն շատ կը շահագրգռէ Անգարան: Վաղաժամ է բացարձակ եզրայանգումներ կատարելը, բայց Անգարան, որ արդէն առկայ է սուրիական տարածքներուն վրայ զինուորական առումով, այժմ կը փորձէ խաղաղ եղանակով լուծել քիւրտերուն հետ իր խնդիրը:

Ծովեզերեայ Սուրիան ամէնէն շատ ռուսական ազդեցութեան գօտի կը նկատուէր մինչեւ վարչակարգի փոփոխութիւն եւ յատկապէս մինչեւ վերջին արիւնալի դէպքերը:

Եւ երրորդը` տիւրզիական շրջանը, որ բացայայտօրէն Իսրայէլի պաշտպանուածութիւնը ունի: Փաստօրէն Իսրայէլ ոչ միայն Կոլանի իր դիրքերը վերակահաւորած է, այլ նաեւ ներխուժման տեսքով թափանցած սուրիական տարածքներ եւ հիմա Սուէյտայի ապառազմականացումը կը պահանջէ:

Արմատական փոփոխութիւնը գետնի վրայ երրորդ ուղղութենէն կը սկսի: Դամասկոս շատ արագ համաձայնած է հեռացնել իր զօրքերը տիւրզիական շրջաններէն, հիմնականին մէջ անսալով Իսրայէլի պահանջին: Այս արագ արձագանգումը արդիւնք է իսրայէլեան օդուժի Դամասկոսի վրայ կատարած յարձակումներուն: Երեւութապէս: Հետզհետէ տեսանելի  կը դառնայ Իսրայէլի կողմէ իր սահմանամերձ շրջանները ապառազմականացնելու, անվտանգային յատուկ գօտիներ ստեղծելու ծրագիրը: Տիւրզիներու հետ արձանագրուած բախումները առիթ են ներխուժումը հիմնաւորելու եւ առաջադրուած ապառազմական գօտին ձեւաւորելու համար:

Այս կը նշանակէ, որ Դամասկոսի նորահաստատ իշխանութիւնները սուրիական տարածքային ամբողջականութեան վրայ չունին գերիշխան կարգավիճակ: Տակաւին չկայ բրգաձեւ միաւորուած կանոնաւոր բանակ: Իսկ զինեալ խմբաւորումները ըստ էութեան կրնան ծառայել նման ենթահողերու ձեւաւորման  իբրեւ խաղաթուղթ:

Իսրայէլ կը ռմբակոծէ Դամասկոսը, կը պահանջէ սուրիական ուժերու հեռացում սուրիական տարածքներէ: Միաժամանակ Պաքուի մէջ կ՛ընթանան Իսրայէլ-Սուրիա բանակցութիւններ` յարաբերութիւններու հաստատման օրակարգով:

Սուրիոյ նոր նախագահին յայտարարութեամբ, Սուրիան նախընտրած է խաղաղութիւնը պատերազմէն: Խաղաղութիւնը այս պարագային գին ունի: Սկսելու համար գերիշխանութենէ եւ տարածքային ամբողջականութենէ զիջումի գին:

«Ա.»

Նախորդը

Շարհ Սուէյտայի Մէջ Անվտանգութեան Վերահսկողութեան Տեղական Խմբաւորումներուն Յանձնումը Յայտարարեց

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (18 Յուլիս 2025)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.