Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարհ Սուէյտայի Մէջ Անվտանգութեան Վերահսկողութեան Տեղական Խմբաւորումներուն Յանձնումը Յայտարարեց

July 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ խօսք մը արտասանելով նշեց. «Սուրիացիները իրենց երկար պատմութեան ընթացքին մերժեցին ամէն տեսակի մասնատումը»` աւելցնելով. «Մենք այս հողին զաւակներն ենք եւ ամէնէն կարողը շրջանցելու մեզ պառակտելու իսրայէլեան գոյացութեան փորձերը: Սուրիացի ժողովուրդը պատրաստ է կռուելու իր արժանապատուութեան համար, եթէ որեւէ վտանգի ենթարկուի»:

«Որոշեցինք Սուէյտայի մէջ անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը յանձնել տեղական զինեալ խմբաւորումներուն եւ շէյխերուն», յայտարարեց Սուրիոյ նախագահը:

«Սուրիան արտաքին սադրանքներու եւ ուրիշներու ախորժակներու փորձարկման բեմ չէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Նոր Սուրիոյ կառուցումը մեզմէ կը պահանջէ մեր երկրին շուրջ համախմբուիլ»:

«Մեր տիւրզի հարազատները հայրենիքի մէկ հիմնական բաղադրիչ մասն են, եւ անոնց պաշտպանութիւնը մեզի համար առաջնահերթութիւն է», յայտնեց Շարհ` ընդգծելով. «Նախանձախնդիր ենք հաշուետուութեան ենթարկելու անոնք, որոնք ոտնձգութիւն կատարեցին եւ վնասեցին մեր տիւրզի հարազատներուն, որոնք պետութեան պաշտպանութեան տակ են»:

«Իսրայէլի հետ պատերազմի կամ տիւրզի շէյխերուն հետ համաձայնութիւն գոյացնելու երկընտրանքին միջեւ էինք, ուստի ընտրեցինք հայրենիքը պաշտպանել», նշեց Շարհ:

«Սիոնական գոյացութիւնը նախկին վարչակարգի տապալումէն ի վեր կը ջանայ մեր հողը տագնապի հողի վերածել եւ մեր ժողովուրդը մասնատել», ըսաւ Սուրիոյ նախագահը:

«Այլոց մեր հողերուն նկատմամբ ախորժակներու գործադրումը բացառուած է, պիտի վերադարձնենք Սուրիոյ հեղինակութիւնը, եւ պէտք է ազգային շահը գերակայ նկատենք», աւելցուց ան` նշելով. «Իսրայէլեան գոյացութիւնը դիմեց Սուէյտայի մէջ անվտանգութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու ջանքերը ականահարելու, եթէ ամերիկեան, արաբական եւ թրքական միջնորդութիւն չըլլար»:

«Սուրիոյ պետութիւնը իր բոլոր հաստատութիւններով միջամտեց դադրեցնելու համար Սուէյտայի մէջ ներքին կռիւները եւ յաջողեցաւ անվտանգութիւնը առնել վերահսկողութեան տակ», ըսաւ Սուրիոյ նախագահը:

«Պատերազմէն վախցողը չենք, սակայն ժողովուրդին շահը քաոսէն վեր դասեցինք: Մեր լաւագոյն ընտրանքը ազգային միասնականութիւնը պաշտպանելն էր», շեշտեց Շարհ` աւելցնելով. «Տիւրզիները դէպի արտաքին որեւէ կողմ քաշելու որեւէ փորձ կամ երկրին մէջ ներքին պառակտում յառաջացնելու որեւէ փորձ կը մերժենք»:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Տիւրզիներու Հոգեւոր Ղեկավարութիւնը «Դէպի Քիւրտ Եղբայրներ» Ճամբայի Եւ Սուէյտայի Եւ Յորդանանի Միջեւ Սահմանային Անցակէտի Մը Բացումը Կը Պահանջէ

Յաջորդը

Ակնարկ. Սուէյտայի Գործողութիւններուն Ետին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.