Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմուտքը Իրանին Մինչեւ Օգոստոսի Վերջը Հիւլէական Համաձայնագիրին Շուրջ Համաձայնութիւն Կնքելու Պայմանաժամ Ճշդած Է

July 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնած են օգոստոսի վերջը սահմանել իբրեւ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրին շուրջ համաձայնութեան հասնելու վերջնաժամկէտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Աքսիոս»-ը` յղում կատարելով աղբիւրներու:

Ամերիկեան կայքը կը նշէ, որ եթէ մինչեւ այդ թուականը համաձայնութեան չհասնին, երեք եւրոպական պետութիւնները կը նախատեսեն գործարկել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ 2015 թուականի Իրանի համաձայնագիրով ջնջուած պատժամիջոցներուն «անյապաղ վերադարձի» մեքանիզմ:

Աղբիւրներու համաձայն, եւրոպացիները մտադիր են մօտիկ ապագային բանակցութիւններու սկսիլ Իրանի հետ եւ փորձել Թեհրանը համոզել, որ կրնայ խուսափիլ պատժամիջոցներէն: Սակայն ատոր համար Իսլամական Հանրապետութիւնը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ` ապացուցելու իր հիւլէական ծրագիրին խաղաղ բնոյթը:

Մասնաւորաբար խօսքը Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կողմէ հսկողութեան վերականգնման մասին է, որ Իրան կասեցուցած էր Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրանեան հիւլէական կառոյցներու հարուածէն ետք, ինչպէս նաեւ երկրէն մինչեւ 60 առ հարիւր հարստացուած շուրջ 400 քիլոկրամ իւրանիոմի դուրս բերման մասին: Այդ քանակով իւրանիոմը ներկայիս կը գտնուի Թեհրանի տրամադրութեան տակ:

«Աքսիոս» կը բացատրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը փորձէ վերսկսիլ Իրանի իսլամական հանրապետութեան հետ հիւլէական համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները: Միեւնոյն ժամանակ, Սպիտակ տան ղեկավարը հիասթափուած է, որ Իրան տակաւին բանակցութիւններու սեղան չէ վերադարձած:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Իրանի Հետ Խօսելու Աճապարուած Չեմ»

Յաջորդը

«Բանակը Կը Շարունակէ Հակադարձել Սուէյտայի Մէջ Կրակոցի Աղբիւրներուն» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.