Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. «Ուալիտ Պըն Թալալ» Բարեսիրական Հաստատութեան Փոխնախագահ, Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց Ճեմարան

July 14, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 27 մայիս 2025-ի առաւօտեան, «Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ: Պաշտօնական այս այցելութեան ներկայ էին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վաչէ Նաճարեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, Կեդրոնական վարչութեան Ճեմարանի ներկայացուցիչ Թամար Տէր Պետրոսեան, Կեդրոնական վարչութեան, խնամակալութեան եւ Ծնողական խորհուրդի անդամներ:

Նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ դիմաւորուեցաւ հայկական աւանդական աղ ու հացով եւ այցելեց կարգ մը դասարաններ ու գրասենեակներ: Ապա հիւրընկալուեցաւ տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ:

Պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Պոլեան» սրահին մէջ, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ արաբերէնի ուսուցչուհի Սանտրա Սաղպազարեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց Լ. Սոլհին իր բարեսիրական այցելութեան առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի օժանդակութեան իր պատրաստակամութեան համար, ապա ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիրը:

Ճեմարանի 95-ամեայ ուղին ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, աշակերտներու կատարողութեամբ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:

Ապա Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան նշեց, որ Ճեմարանը` իբրեւ կրթական հաստատութիւն, ուրախ է ընդունելու Լէյլա Սոլհը եւ ըսաւ. «Ձեր ներկայութիւնը այն փաստն է, որ ձեզի համար կրթութիւնը հաւաքական աշխատանք է եւ իրաւունք մըն է յառաջիկայ սերունդներուն համար: Դուք այն անձն էք, որ կը գերադասէք մարդկայինը եւ կրթական համակարգը: Ճեմարանը 95 տարի է կը գործէ պատրաստելու համար լաւ մարդն ու լաւ քաղաքացին»: Ան յատկապէս նշեց, որ «Ուալիտ Պըն Թալալ» հաստատութիւնը կ՛ամբողջացնէ Ճեմարանի առաքելութիւնը` իր գործը կեդրոնացնելով կրթական, ընկերային եւ առողջապահական մարզին մէջ:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Լէյլա Սոլհ եւ յայտնեց, որ իր հօր եւ Ճեմարանի կապերու հիմը դրուած է վաղ տարիներէն` 1950-էն սկսեալ, եւ ինք ուրախ է, որ այսօր եւս այդ կապը կը պահպանուի: Ան գնահատեց հայ ժողովուրդը, որ պարտադրաբար հայրենիք կորսնցնելէ եւ աշխարհացրիւ դառնալէ ետք, անգամ մը եւս անկախ հայրենիք ունեցաւ: Ան ըսաւ, որ ազգ մը ապագայ չունի առանց կրթութեան եւ ուրախութեամբ ստանձնեց տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի դասարաններու նորոգութեան ու կահաւորման ծախսերը: «Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ պատրաստակամութիւն յայտնեց տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու 12 դասարաններու նորոգութիւնը յառաջիկայ տարեշրջանին սեմին:

Աւարտին խօսք առաւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Ան շեշտեց, որ Ճեմարանը իր դռները լայն բացած է, եւ օրուան հիւրը կը գտնուի իր հարազատ տան մէջ ու ըսաւ. «Հայրենիքի համար ձեր յախուռն պայքարը կը խորհրդանշէ ձախողութիւնը վերածնունդով փոխարինելու եւ անցեալի դառնութիւնը նորովի վերընձիւղելու: Դուք խտրութիւն չէք դներ համայնքներու միջեւ եւ ջատագովն էք Լիբանանը ամէն բանէ վեր կարգախօսին: Դուք միշտ կը գերադասէք մարդակերտումը` նիւթական աշխարհէն, արժէքը մարդո՛ւն կու տաք, միաժամանակ քա՛րը կը կառուցէք մարդուն համար»:

Այցելութիւնը աւարտեցաւ խմբանկարով մը:

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յաջորդը

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.