Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

July 12, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը, յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը պիտի կատարէ Լեռնալիբանանի շրջանի աւարտականի մրցումը` Ռիատի Պարժայի դէմ:

Անցեալ տարի. նոյն դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լեռնալիբանանի ախոյեան դարձած էր 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ռապիթաթ Ուարտանիէն:

Այս տարի մրցակից խումբը մէկ մրցում պարտուած է, այդ ալ Ռաուտա Տըքուանէ խումբէն (Ա. հանգրուանին), որուն դէմ անգամ մը եւս հանդիպեցաւ Բ. հանգրուանին, ուր մրցակիցները հաւասար մնացին:

Չորեքշաբի օր Ռիատի Պարժա եւ Ռաուտա Տըքուանէ երրորդ անգամ ըլլալով մրցեցան իրար դէմ, ուր մրցումը հաւասար աւարտելէ ետք դիմուեցաւ փենալթիներու, որմէ ետք վճռուեցաւ ի նպաստ Ռիատի Պարժայի (4-2), որ աւարտականի ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ:

Անշուշտ երկու խումբերն ալ հասան աւարտական հանգրուան, ուր պիտի միանան Լիբանանի միւս շրջաններու (Պէյրութ, հիւսիս, Պեքաա, հարաւ) լաւագոյններուն դէմ, որոնք 2 խմբակներու բաժնուելով (6 խումբ ամէն խմբակ) պիտի պայքարին Գ. դասակարգ բարձրանալու:

Ճիշդ է, որ վաղուան մրցումը կարեւոր է, եւ շատ կ՛օգնէ կորովը բարձր պահելու` յաջորդ հանգրուանին համար, բայց հիմնական նպատակն է անշուշտ Գ. դասակարգ բարձրանալը:

Ինչպէս միշտ կ՛ըսենք, կարեւոր է կեդրոնանալ իւրաքանչիւր մրցումի վրայ եւ խաղալ այնպէս, ինչպէս որ աւարտական մրցում մըն է:

Այժմէն յաջորդ մրցումի մասին մտածելը պէտք չէ կեդրոնացումը խախտէ: Այո՛, ուշադիր պէտք է ըլլալ դեղին թէ կարմիր քարտերու գծով, բայց հանդարտ եւ հանգիստ խաղալով, չվիճելով իրաւարարներուն հետ մեր խումբը կրնայ հանգիստ ձեւով յաղթել բոլոր մրցումներուն, եթէ անշուշտ 90 վայրկեան պայքարի:

Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայ ըլլալ մարզադաշտ` քաջալերելու համար տղաքը, տրամադրուած են փոխադրակառքի, որոնք ժամը 3:30-էն սկսեալ պիտի փոխադրեն համակիրները Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն:

 

Նախորդը

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.