Ռուսիան իր քաղաքացիներու` Հայաստան մուտքի արգելքը կը դիտարկէ իբրեւ ոչ բարեկամական քայլ: Երեւանին հակասութիւններու կարգաւորման որոշակի քայլեր առաջարկուած են, Մոսկուան կը սպասէ արձագանգի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` աւելցնելով, որ անիկա կը հակասէ «ռուս-հայկական համագործակցութեան դաշնակցային բնոյթին»:
«Հարցը քննարկուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` մայիսին Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարած այցելութեան ժամանակ: Հայկական կողմին որոշակի քայլեր առաջարկուած են, ուստի կը սպասենք Երեւանի արձագանգին», ըսած է Զախարովա:
Նշենք, որ Երեւան արգիլած է նախկին ծերակուտական Ֆրանց Քլինցեւիչի եւ այլ փորձագէտներու Հայաստան մուտքը:


