Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք. «Ոչ Ոք Պիտի Շարունակէ Մինչեւ Յառաջիկայ Տարի Բանակցիլ Լիբանանի Հետ. Թրամփ Հոյակապ Կեդրոնացում Ունի, Սակայն Համբերութիւն Չունի»

July 10, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սպառնալիքներ չկան: Միայն պահը օգտագործեցէք եւ ձեր շուրջ նայեցէք. շրջանը կը փոխուի, եւ եթէ փոփոխութիւն չէք ուզեր, եթէ ժողովուրդը փոփոխութիւն չուզէր, միայն մեզ տեղեակ պահեցէք, եւ պիտի չմիջամտենք»:

«Ոչ ոք պիտի շարունակէ մինչեւ յառաջիկայ տարի Լիբանանի հետ բանակցիլ, որովհետեւ Թրամփ հոյակապ քաջութիւն եւ կեդրոնացում ունի, սակայն համբերութիւն չունի», նշեց Պարրաք:

Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի զէնքի խնդիրի լուծման ձեւին, ան ըսաւ. «Ատիկա լիբանանեան խնդիր է եւ ոչ թէ միջազգային: Մենք քաղաքական առումով զայն ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակեցինք, ուստի եթէ զինուորական գետնի վրայ մեզի դէմ որեւէ քայլ կատարեն, ապա ինչպէս Թրամփ ըսաւ, մեզի հետ խնդիր պիտի ունենան»:

«Հըզպալլայի ապազինումը միշտ ալ պարզ ու շատ յստակ ճշմարտութիւն մըն է, որ նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը շարունակ շեշտեցին` «Մէկ պետութիւն, մէկ ժողովուրդ, մէկ բանակ: Ակնարկը միայն Հըզպալլայի զէնքին չէ, այլ նաեւ պաղեստինեան զէնքին եւ զինեալ միլիսներուն, եւ եթէ քաղաքական ղեկավարութիւնը այս ուղին ընտրէ, ապա պիտի առաջնորդենք եւ օգնենք», ըսաւ ան:

«Ծոցը իր յանձնառութիւնը կը յայտնէ, սակայն նաեւ նոյն հիմամբ կը շեշտէ իր յանձնառութիւնը օգնելու Լիբանանին, հարաւային Լիբանանի ժողովուրդին եւ շիիներուն` հասնելու համար իսկական համաձայնութեան մը, այսինքն` իսկական ժամանակացոյցի, իսկական պայմանաժամերու եւ իսկական զինաթափման, եւ ատիկա անպայման թշնամական ձեւով տեղի պիտի չունենայ», ըսաւ ամերիկացի յատուկ պատուիրակը:

Մեկնաբանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի` զէնքի յանձնումը մերժող խօսքը, ան ըսաւ. «Բանակցութիւնը աւանդական լիբանանեան է, որովհետեւ շարունակուող բանակցութիւն է, մինչեւ որ բոլորը իրապէս պատրաստ ըլլան իսկական համաձայնութիւն կնքելու»:

Պարրաք նաեւ նշեց. «Այն, ինչ որ լիբանանեան բանակը համաձայնութեան կնքումէն ետք Լիթանիէն հարաւ ըրաւ, հոյակապ է, հակառակ այն իրողութեան, որ համաձայնութիւնը իր արդիւնքը չտուաւ, ինչ կը վերաբերի այն դէպքերուն, զորս երկու կողմերը այդ համաձայնութեան խախտում կը նկատեն, ուստի պէտք է բացերը գոցենք»:

«Կը զգամ, թէ իշխանութեան երեք պետերը անկեղծ եւ ուղիղ են, եւ երբ ըսի, թէ պատասխանի յանձնման ձեւը հոյակապ է, ըսել կ՛ուզէի, որ ստացայ պատասխան մը, որ չէ սպրդուած, ինչ որ ինքնին ձեռքբերում է», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը:

«Դիրքորոշումս բացարձակապէս ոչ լիբանանեան է, որովհետեւ ես մամուլի ճամբով չեմ բանակցիր, ատիկա զգետնիչ է, եւ յարգելով դիմացի կողմերը, որոնց հետ կ՛աշխատիմ, երբեք չեմ կրնար ատիկա ընել», ըսաւ ան:

«Սուրիոյ մէջ մեր առաքելութիւնը յստակ է` անիկա ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարն է, եւ ամերիկեան ուժերը պիտի չհեռացնենք, մինչեւ որ վստահ ըլլանք, թէ ահաբեկչական այդ բջիջները լաւագոյն ձեւով կը վնասազերծուին», յայտնեց Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակը:

Մեկնաբանելով Թրիփոլին եւ Պեքայէն շրջաններ Սուրիոյ յանձնելու մասին մամլոյ տեղեկութիւնները` Պարրաք նշեց. «Ատիկա երեւակայութիւն է, գծաշարժանկար է»:

 

 

Նախորդը

Շէյխ Քասեմ. «Կը Գնահատենք Նախագահ Աունի Դիրքորոշումները»

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետարան

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.