Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ղեկավարութիւն Եւ Յարգանք. Հայ Եկեղեցին Արժանի Է Լաւագոյնին

July 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՄԵՆԱԿԵԱՆ

Վերջերս Հայաստանի վարչապետը հրապարակային քննադատութեան կ՛ենթարկէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` յայտարարելով, որ ան խախտած է իր սուրբ ուխտը եւ զաւակ ունի: Անձամբ չեմ պաշտպաներ կաթողիկոսը այս հարցին համար, սակայն միւս կողմէ` սկզբունքօրէն համաձայն չեմ վարչապետին որոշումին` այս հարցը հրապարակային քննարկումի առարկայ դարձնելու առումով:

Իմաստուն եւ խոհեմ ղեկավար մը փակ դրան ետին հանդիպում  պէտք էր ունենար Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ: Այդպիսի հանդիպումէ ետք վարչապետը պէտք էր յարգանքով կատարէր իր յայտարարութիւնը` առանց մանրամասնութիւններու մէջ խորանալու: Բարձրաստիճան հոգեւորականի անձնական թերութիւնները հրապարակային քննարկումի նիւթ դարձնելով` կ՛արատաւորուի ոչ միայն անձը, այլեւ` ամբողջ Հայ եկեղեցին եւ դարեր շարունակ անոր ունեցած սրբազան ժառանգութիւնը:

Վարչապետը պէտք է խորհրդակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ, ինչպէս նաեւ` Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի հետ:

Նոյնիսկ եթէ գայթակղութիւնը դառնայ ակնյայտ, պէտք է ամէն ջանք գործադրուի, որպէսզի մեղմացուին անոր հետեւանքները` ի յարգանս եկեղեցւոյ սրբազան ժառանգութեան. եկեղեցւոյ ներդրումը հայ ազգի ինքնութեան մէջ սկիզբ առած է 301 թուականէն` իր հոգեւորականներուն եւ քարոզիչներուն անխոնջ ու նուիրուած աշխատանքով: Իբրեւ առաջին ազգ, որ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս կ՛ընդունի իբրեւ պետական կրօն, մեր եկեղեցին պահած է եզակի եւ խորապէս յարգանքի արժանի տեղ քրիստոնէական աշխարհին մէջ: Այդ պատճառով պէտք էր ջանք չխնայուէր, որ գայթակղութեան լուրը չտարածուէր, որպէսզի եկեղեցին պահպանէր իր արժանապատիւ դիրքը:

Դժբախտաբար, արժանապատիւ եւ զգուշ քայլեր կատարելու փոխարէն, վարչապետը ընտրեց բախման ուղին` անվտանգութեան ուժեր ուղարկելով Ս. Էջմիածինի վեհարան այն պատրուակով, որ Հայ եկեղեցին կը փորձէ տապալել կառավարութիւնը: Նման վարքագիծ մը անյարիր է Հայաստանի վարչապետին եւ աւելի շատ նման է փողոցային մարտավարութեան մը, քան` պատասխանատու դիւանագիտական շարժումներու:

Կը փափաքիմ հարց տալ բոլոր հայ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, որոնք վարչապետին համակիրներն են. հաշուի առնելով եկեղեցւոյ հանդէպ վերջերս կատարած իր գործողութիւնները` արդեօք անոնք կը շարունակե՞ն սատարել Հայաստանի վարչապետին:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (9 Յուլիս 2025)

Յաջորդը

10 Նշան, Որ Դուք Բաւարար Ջուր Չէք Խմեր

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.