Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Հայաստան «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Հարցին Մէջ Աւելի Ճկուն Մօտեցում Կը Ցուցաբերէ»

July 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստան սկիզբէն դէմ էր «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, անիկա աւելի ճկուն մօտեցում կը ցուցաբերէ տնտեսական համարկման մասնակցելու հարցին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Պաքու Հայաստանէն կը պահանջէ ճամբայ` «Զանգեզուրի միջանցք», որ Ազրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանին եւ ըլլայ առանց մաքսային հսկողութեան ու անխոչընդոտ: Երեւան կը պնդէ, որ այդ ճամբան պէտք է գործէ երկիրներու գերիշխանութեան տակ` մերժելով միջանցքի տրամաբանութիւնը:

Ըստ «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ նախագահը նաեւ պնդած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը նոր կարելիութիւններ պիտի բերէ ոչ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին համար:

«Մենք այս գիծը կը դիտարկենք իբրեւ աշխարհատնտեսական յեղափոխութեան մէկ մաս», ըսած է Էրտողան եւ յոյս յայտնած, որ հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման շնորհիւ «նոր եւ պատմական կարելիութիւններու պատուհաններ»-ու բացման ականատեսը պիտի դառնան:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան արձագանգելով Էրտողանի յայտարարութեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ շահագրգիռ գործընկերներու հետ ապաշրջափակման շուրջ քննարկումները կը շարունակուին, միեւնոյն ժամանակ ընդգծած. «Հայաստան եղած է եւ կը մնայ շահագրգռուած շրջանային փոխկապակցուածութեան ընդլայնման եւ տնտեսական զարգացման մէջ: Այդ ըմբռնումով է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդէս եկած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեամբ եւ ատոր համահունչ առանձին գաղափարներով, լուծումներով, կառուցողական առաջարկներով:

«Մեր կարծիքով, անոնք կրնան փոխշահաւէտ արդիւնքներ ապահովել թէ՛ շրջանի երկիրներու, թէ՛ ալ աւելի լայն աշխարհագրութեամբ հաղորդակցութիւններու ցանցի զարգացումով հետաքրքրուած գործընկերներու համար:

«Ինչպէս նախապէս, այժմ եւս շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու ապաշրջափակման Հայաստանի Հանրապետութեան տեսլականը խարսխուած է հիմնարար սկզբունքներու` գերիշխանութեան, կապուղիներու նկատմամբ ազգային իրաւազօրութեան վրայ, եւ ինչպէս ծանօթ է, ասիկա չ՛ենթադրեր այլ տրամաբանութիւն»:

 

 

Նախորդը

Փաշազատէ Յոյս Ունի, Որ «Իրեւանի Ղազիաթ»-ը Կը Վերսկսի Իր Գործունէութեան

Յաջորդը

Ընդդիմախօսները Լռեցնելու Ակնյայտ Քայլով Մը` Ազգային Ժողովը Անձեռնմխելիութենէն Զրկեց Սէյրան Օհանեանը Եւ Արծուիկ Մինասեանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.