Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ղեկավարներու վեհաժողովի կազմակերպման ժամկէտ չկայ, Անգարայի նախաձեռնութիւնը կախեալ է բանակցային հոլովոյթի ընթացքէն: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած են Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմէն:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, թէ Անգարայի վերջնական նպատակը Ուքրանիոյ հարցով ղեկավարներու մակարդակով հանդիպում կատարելն է` նշելով, որ այս մասին տեղեկացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին:
Միւս կողմէ, Լեհաստանի նորընտիր նախագահ Քարոլ Նաւրոքի նշեց. «Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի դաշինքին անդամակցութիւնը ներկայիս քննարկման արժանի հարց մը չէ, եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան կարելիութիւն չկայ, որովհետեւ անիկա պատերազմական վիճակի մէջ է»:
Ան «Փոլսաթ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Ներկայիս Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի դաշինքին անդամակցութեան կարելիութիւն չկայ, որովհետեւ պատերազմական վիճակի մէջ է, եւ ատիկա ՕԹԱՆ-ի բոլոր պետութիւնները կը մղէ պատերազմին մասնակցելու: Ուստի այս առնչութեամբ քննարկում չկայ»:


