Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 4, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ կէսօրէ ետք Խալտէի մայրուղիին վրայ հարուածեց ինքնաշարժ մը:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի Լիբանան երկրորդ այցելութիւնը նախատեսուած է 7-8 յուլիսին:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ դիւանագիտական աղբիւր մը «Լեպանոն Տիպէյթ» կայքին յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք երկար ատեն լիբանանեան թղթածրարի պատասխանատուն պիտի չմնայ, եւ կը նախատեսուի, որ նշանակուի նոր պատուիրակ մը` փոխարինելու համար Մորկըն Օրթէյկըսը, որովհետեւ Պարրաք սուրիական թղթածրարով կը զբաղի, իսկ Լիբանանի հարցով կը զբաղի նախ եւ առաջ միայն Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ Հըզպալլա տակաւին ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի ներկայացուցած փաստաթուղթին իր պատասխանը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին չէ յանձնած:

«Հըզպալլա չի պատրաստուիր իր զէնքը յանձնելու, ո՛չ փուլ առ փուլ, ո՛չ ալ որոշ մեքանիզմի մը հիմամբ, մանաւանդ որ Լիբանանը շրջապատող պայմաններն ու շրջանի զարգացումները զէնքի յանձնումը անձնասպանութիւն կը դարձնեն», աւելցուցած են աղբիւրները:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Հարցերը դէպի լուծում կ՛ուղղուին, եւ Հըզպալլան այլեւս համոզուած է, որ իր զէնքին կառչիլը իրեն վնաս կը պատճառէ եւ զինք անգամ մը եւս թիրախ կը դարձնէ իսրայէլեան յարձակումներու, որոնք ամերիկեան «կանաչ լոյս» կը վայելեն»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի վրայ ճնշումի շարք մը միջոցներ կան, որպէսզի ան յարգէ զէնքի եւ բարեկարգումի հարցերուն նկատմամբ պետական իշխանութիւններուն տուած խոստումները: Այդ ճնշումի միջոցներէն մէկը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան երկարաձգման նիւթն է»:

. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ ետք Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Եազիտ պըն Ֆարհան իշխանը:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան մօտիկ քաղաքական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին յայտնած է. «Ընտրական օրէնքի ճակատամարտը ճակատագրական ճակատամարտ է, ուստի Լիբանանեան ուժերը այդ ճակատամարտին մէջ պիտի չնահանջեն»:

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ստորագրեց 30 յունիսին եւ 1 յուլիսին օրէնսդրական նիստերու ընթացքին խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած տասը օրինագիծերը եւ զանոնք յղեց նախարարաց խորհուրդին:

. ՊԷՅՐՈՒԹԻ Հարաւային արուարձաններուն մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումէն վնասուած շէնքի մը մէկ մասը Սէյիտ Հատի Նասրալլա մայրուղիին վրայ փուլ եկաւ:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Սաժես

Յաջորդը

Հաշեմ. «Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղենք` Արագօրէն Գործելու Ընդդէմ Արտաքին Որեւէ Քայլի, Ինչպէս Նաեւ Մազարեհ Շեպաայի Լիբանանեան Ըլլալը Հաստատելու Եւ Անոր Կառչելու»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.