Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուիթքոֆ Կը Շարունակէ Խորհրդակցիլ Իրանի Իշխանութիւններուն Հետ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

July 2, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիվըն Ուիթքոֆ կը շարունակէ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրին վերաբերեալ Իրանի հետ քննարկումները:

Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քերոլայն Լիւիթ:

«Մեր յատուկ պատուիրակ Սթիվընը կապի մէջ է իրանցիներուն հետ` թէ՛ անմիջականօրէն, թէ՛ միջնորդներու միջոցով: Այս կապը կը շարունակուի: Նախագահը չէ կապուած Իրանի հետ», ըսած է Լիւիթ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Չեմ կարծեր, որ Ամերիկայի հետ բանակցութիւնները այդքան արագ պիտի վերականգնին»:

«Որպէսզի վերստին բանակցինք, պէտք է նախ եւ առաջ երաշխաւորենք, որ Ուաշինկթըն բանակցութիւններու ընթացքին վերստին զինուորական յարձակումով մը մեզ պիտի չթիրախաւորէ», նշեց Արաղչի:

«Տակաւին յաւելեալ ժամանակի կարիք ունինք, եւ հակառակ այդ բոլոր նկատառումներուն, դիւանագիտութեան դռները երբեք պիտի չփակուին», շեշտեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Կարելի չէ ռմբակոծումով վերջ տալ ճարտարագիտութեան եւ իւրանիոմի հարստացման գիտութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեր երկրի հիւլէական խաղաղ ծրագիրը ազգային պարծանքի եւ փառքի աղբիւր դարձաւ»:

«Անցանք 12-օրեայ պատերազմէ մը, որ մեզի պարտադրուեցաւ, ուստի մարդիկ հարստացումէն դիւրութեամբ պիտի չհրաժարին», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

«Պատերազմի ընթացքին ցոյց տուինք ու փաստեցինք մենք մեզ պաշտպանելու մեր կարողութիւնը ու պիտի շարունակենք ատիկա կատարել, եթէ որեւէ յարձակումի ենթարկուինք», նշեց Արաղչի:

 

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Ազրպէյճանի Դեսպանին Բանաւոր Բողոքագիր Յղուած Է»

Յաջորդը

Արաղչի. «Չեմ Կարծեր, Որ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւնները Այդքան Արագ Պիտի Վերականգնին»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.