Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ինքնութեան Ոչնչացումը

July 1, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճ. Տ.
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Հայ ազգի գոյութեան ու գոյատեւման պատճառներէն մէկն է Հայ ինքնութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ միջեւ իւրայատուկ կապը, յատկապէս` առաքելական եկեղեցւոյ պարագային: Էջմիածինի եւ Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութիւնները եղած են ապաստանը հայութեան մեծամասնութեան, մասնաւորապէս` այն 600 տարուան ընթացքին, երբ հայերը կ՛ապրէին օտար երկիրներու լուծին տակ: Այսօր կը գտնուինք դժբախտ իրականութեան մը դիմաց, երբ հայ կաթողիկոսութիւնն ու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը հալածեն եւ կը պահանջեն Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հրաժարականը: Անոնց նպատակը յստակ է` խզել Հայ ինքնութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կապը, կազմելով նոր ինքնութիւն, որուն մէջ պիտի մոռցնէ դարերու պատմութիւնը, պիտի սպաննէ պայքարի ոգին, պիտի մեկուսացնէ հայ ինքնութիւնը եկեղեցիէն եւ բոլոր այն բաներէն, որոնք ազգային զարթօնքի աղբիւրի կրնան վերածուիլ:

Ասոր կողքին, Հայաստանի վարչապետը կը փորձէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բարելաւել: Եթէ այս մէկը յաջողի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պիտի դառնայ երկրորդական խնդիր, ապա` երրորդական, եւ վերջապէս բոլորովին պիտի մոռցուի` դառնալով զուտ պատմական դէպք մը եւ ոչ թէ` հայերու արդար իրաւունքներու հատուցումը: Հայը կը դառնայ յուսալքուած, ապա իր մէջ կը մարի պայքարի ոգին, որմէ ետք կամաց-կամաց կը մահանայ ազգային ինքնութիւնը:

Արեւմտեան երկիրներու մէջ` Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն, ազգային ինքնութեան երեւոյթը համարեա թէ գոյութիւն չունի, անոնց ինքնութիւնը հիմնուած է զուտ երկրի մը քաղաքացին ըլլալուն, երկրին ու շրջապատին յատուկ օրէնքներուն հետեւելուն վրայ: Նոյնպէս, Հայաստանի ներկայ իշխանութեան այսօրուան կարեւորագոյն նպատակներէն է «արդիականացնել» հայ ինքնութիւնը, զայն վերածել պարզապէս Հայաստանի քաղաքացիի մը ինքնութեան` դադրելով ըլլալէ հայ ինքնութիւն մը, որ կը պատկանի բոլոր հայութեան` ըլլան անոնք Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին: Այս նոր ինքնութեան տարածումը կրնայ ունենալ յոռեգոյն հետեւանքներ: Հակառակ արեւմտեան երկիրներուն` Հայաստանը կը գտնուի երկու թշնամիներու միջեւ, որոնք պիտի փորձեն ապագային իրագործել համաթուրանական ծրագիրը, որուն սրտին մէջ կայ խոչընդոտ մը` Հայաստան:

Արդէն իսկ շարք մը ձերբակալութիւններ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ` տարբեր դիտանկիւններ ունեցող, հին վարչակարգին հետեւող եւ կամ անցեալի խորհրդանշական յաղթանակներն ու այդ ոգին ներկայացնող քաղաքացիներուն դէմ:

Ահաւասիկ կը փորձեն ոչնչացնել հայու ազգային ինքնութիւնը, ըստ երեւոյթին, հետեւելով աշխարհի օրինակին, միմիայն ժամանակաւոր տնտեսական բարելաւման եւ արեւմտեան երկիրներու կողմէ ընդունուած ըլլալը աւելի կարեւոր  կը սեպեն, քան` ունենալ գիտակից, հայրենասէր քաղաքացիներ:

 

 

Նախորդը

Նիկոլ Աղբալեան. Ազգային Գործիչը (Ծննդեան 150-Ամեակի Առիթով)

Յաջորդը

«Իրազեկուած Եւ Անկախ. Հայ Առաքելական Եկեղեցին` Մեր Ազգային Դիմագիծը Պահպանելու Քարոզչական Ու Պատմական Երաշխաւորը»

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.