Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոնի 21 յունիսի պաշտօնական այցելութիւնը Շուշի խոր հարցականներ կը ստեղծէ Արցախի նկատմամբ պատմական յիշողութեան եւ ֆրանսական դիւանագիտութեան դիրքորոշումին մասին: Այս դիւանագիտական քայլը ուղղակի հարցականի տակ կը դնէ այս հողերու բազմադարեան հայկական պատկանելիութիւնը եւ հայ բնակչութեան դէմ գործուած ազրպէյճանական յանցագործութիւնները:
Այս խորհրդանշական հողին վրայ Ֆրանսայի դեսպանը ուղղակի գիծ քաշած ըլլալ կը թուի` հազարամեայ հայկական ժառանգութեան, բնիկ հայ բնակչութեան վերջին պատերազմներուն կրած չարչարանքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց հայրենազրկման վրայ: Այս պաշտօնական այցելութիւնը իր բնոյթով եւ անոր ընկերակցող յայտարարութիւններով լուրջ հարցեր կը բարձրացնէ Ֆրանսայի դիրքորոշումին մասին` յիշողութեան եւ ցաւով լեցուն այս շրջանին պատմական իրողութիւններուն նկատմամբ:
Այս համածիրին մէջ դեսպանը, առանց որեւէ բարդոյթի, առանց խղճի դոյզն խայթի, յայտարարեց հետեւեալը. «Այս իմ առաջին այցելութիւնը չէ Ղարաբաղ: Ես արդէն առիթ ունեցեր էի երթալու Լաչին եւ Աղտամ: Այսօր, առաջին անգամ ըլլալով, յատուկ զգացումով կը յայտնաբերեմ Շուշի քաղաքը: Շատ ուրախ եմ հոս ըլլալով: Ասիկա ինծի համար իսկական առիթ մըն է աւելի լաւ ճանչնալու այս քաղաքը: Շուշին Ազրպէյճանի մշակութային կարեւոր վայրերէն մէկն է: Անիկա ծնունդ տուած է բազմաթիւ բանաստեղծներու, երաժիշտներու եւ խորհրդանշական դէմքերու: Զիս տպաւորեցին հոս կատարուած վերականգնման եւ բարգաւաճման աշխատանքները: Համոզուած եմ, որ այս շրջանը հետագային աւելի շատ պիտի բացուի զբօսաշրջութեան, որովհետեւ անիկա շատ բան ունի այցելուներուն հրամցնելիք»:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»


