Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Քննադատած Է Նեթանիահուի Դէմ Քրէական Հետապնդումը

June 30, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահը դատապարտած է Իսրայէլի դատախազները` երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի դէմ փտածութեան գործ բանալնուն համար` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն Իսրայէլին միլիառաւոր տոլարներու օգնութիւն տրամադրելով չի պատրաստուիր ատիկա հանդուրժել:

«Այն, ինչ որ Իսրայէլի մէջ երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կ՛ընեն, ահաւոր է: Ան պատերազմի հերոս է եւ վարչապետ մը, որ Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցաբար հոյակապ աշխատանք կատարեց Իրանի մէջ հիւլէական սպառնալիքէն ձերբազատուելու մէջ փայլուն յաջողութիւն իրագործելու համար», ըսաւ Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը Նեթանիահուի դատավարութիւնը որակեց «քաղաքական թէժ արշաւ մը, որ շատ նման է այն արշաւին, որուն ենթարկուեցայ»` աւելցնելով. «Այս զաւեշտը, որուն արդարադատութիւնը ձեռնարկեց, պիտի միջամտէ Իրանի եւ Համասի հետ բանակցութիւններուն, այլ խօսքով, վերահսկողութենէն դուրս եկած դատախազներուն Նեթանիահուին ըրածը խենթութիւն է»:

Նեթանիահուի դէմ 2019 թուականին երեք քրէական գործ բացուած է` կաշառակերութեան, խարդախութեան եւ վստահութեան չարաշահման մեղադրանքներով, որոնք ան կը հերքէ: Դատավարութիւնը սկսած է 2020 թուականին:

«Խելագարութիւն է այն, ինչ որ դատախազները կ՛ընեն Պիպի Նեթանիահուի հետ», արձագանգած է Թրամփ` «Թրութ Սոշըլ»-ի վրայ:

Ան պնդած է, թէ դատական այդ հոլովոյթը պիտի խոչընդոտէ Նեթանիահուին` բանակցելու պաղեստինեան Համաս շարժումի եւ Իրանի հետ:

 

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Կ՛առաջարկէ Առեւտուրի Համաշխարհային Կազմակերպութեան Այլընտրանք Ստեղծել

Յաջորդը

Պաքու Կը Բողոքէ Եքաթերինպուրկի Մէջ Ազրպէյճանցիներու Զանգուածային Ձերբակալութիւններու Դէմ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.