Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հենրիխ Մխիթարեան Պիտի Աւարտէ Իր Ասպարէզը…

June 26, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինթեր Միլանի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան յայտարարեց, որ պիտի աւարտէ իր ասպարէզը` Միլանի ակումբին հետ պայմանագրութիւնը աւարտելէ ետք:

«Լա Ռեփուպլիքա»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, ան խոստովանեցաւ, որ ակումբը տակաւին ցաւի մէջ կ՛ապրի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի հարստութենէն ետք:

«Անցեալ տարեշրջանի կիսուն ըսած էի, որ Ինթեր անգերազանցելի է, բայց մենք ատիկա չկրցանք ապացուցել մինչեւ վերջ: Ես միշտ կ՛ըսեմ այն, ինչ որ կը մտածեմ առանց որեւէ մէկուն հաճոյանալու, ըլլայ ան խաղացող, համակիր կամ այլ անձ:

Երբ ուրիշները խօսին. ես մտիկ կ՛ընեմ, իսկ երբ ես խօսիմ լաւ բան մը, որ յաճախ չ՛ըլլար, այդ մէկը միայն խումբին օգտին համար կ՛ըլլայ: Կարեւոր է ըլլալ համարձակ եւ անկեղծ, քանի որ միայն այդպէս կրնանք օգնել իրար: Ես չեմ պնդեր, թէ միշտ անգերազանցելի ենք, բայց որոշ խաղերու այդպէս էինք` դաշտին վրայ ցուցաբերած մեր վերաբերմունքի շնորհիւ: Կրկին կ՛ըսեմ այդ մէկը, եւ եթէ մէկը ինծի կը ծաղրէ ատոր համար, ատիկա ինծի չ՛անհանգստացներ»:

«Որոշա՞ծ եմ թէ երբ կ՛աւարտեմ ասպարէզս: Կ՛ըսեմ, որ այս տարեշրջանը իմ ամէնէն յուզիչ եղանակն էր երեք մրցաշարքերով: Չեմ գիտեր որքան ժամանակ կը շարունակեմ խաղալ: Ոչինչ կը բացառեմ, բայց տակաւին կը ցանկամ խաղալ: Ունիմ մէկ տարեշրջան: Եթէ չհեռացնեն, կը մնամ: Չեմ ցանկար աւարտել ասպարէզս եւ յետոյ զղջալ, որ կանուխ լքեցի: Ինթերէն ետք… վերջ: Չեմ ցանկար իջեցնել մակարդակս: Հայաստան չեմ վերադառնար,

Սէուտական Արաբիոյ նման ուղղութիւններ նոյնպէս չեն հետաքրքրեր զիս: Ամենայն յարգանքով, բայց ես կը սիրեմ ֆութպոլը, ֆութպոլի համար եւ ոչ թէ նիւթական վարձատրութեան: Ամէն առաւօտ կ՛արթննամ ցանկալով մարզուիլ ցոյց տալու, թէ ինչի ընդունակ եմ: Ֆութպոլէ՞ն ետք… այսօր կ՛ըսեմ կը հեռանամ ֆութպոլի աշխարհէն: Բայց երբեք մի՛ ըսեր` երբեք: Ժամանակը կը պահանջուի լաւ մտածելու, հանգիստ ընելու եւ ընտանիքիս հետ ըլլալու համար», ըսաւ Մխիթարեան:

Թէեւ Մխիթարեան Ինթերին միացաւ իր ասպարէզի վերջին շրջանին, սակայն ան փայլեցաւ «Սան Սիրօ» մարզադաշտին վրայ: Վերջին տարիներուն ան «Ներաձուրի»-ներուն  հանդերձարանի ամէնէն ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն մէկն էր:

36 տարեկան Մխիթարեանի պայմանագիրը,  ինչպէս նշեցինք, կ՛աւարտի յաջորդ ամառ, եւ անոր Ինթերի հետ ճանապարհը կը մօտենայ իր աւարտին: 2023-2024 տարեշրջանին ան «Սիթի Ա.»-ն շահեցաւ Ինթերի հետ, բայց չկրցաւ շահիլ եւրոպական բաժակը: Վերջին երեք տարիներուն ան պարտուեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2 աւարտականներ: Վերջին պարտութիւնը անցեալ ամիս էր, երբ Ինթեր 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Փարիզ Սեն Ժերմենէն:

Այս մրցումը վերջինն էր մարզիչ Սիմոնէ Ինձակիի համար, որ քանի մը օր ետք միացաւ Սէուտական Արաբիոյ Հիլալին: Ինձակիի փոխարինեց ռումանացի Քրիսթիան Չեւու:

 

Նախորդը

Ակումբներու Մոնտիալ. Պենֆիքա Յաղթեց Պայերն Միւնիխին. Օքլենտ Կէտ Մը Խլեց Պոքա Ժունիորզէն

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Յաղթեց Ղազիրի Մէջ

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.