Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի իր 3-րդ մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 10-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Լիուաա Պարժան:
Սերժ Օսքեան հեթ-թրիք մը իրագործեց առաջին կիսախաղի կէս ժամուն:
Սերժ Օսքեան (3), Եուսեֆ Համատէ, Ֆատըլ Ռիտա, Ալեք, Հիւսէյն Զալզալի, Քարլոս Թոմաս, Ալի Ֆահս եւ Իպրահիմ Մուսաուի նշանակեցին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կոլերը: ՀՄԸՄ տակաւին ելոյթներ ունի Ժապալ Մաժտալպաանայի եւ Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ` Բ. հանգրուանի մրցումներուն շրագիծին մէջ:
Ա. խմբակի առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը` Ռաուտա Տըքուանէ եւ Ռիատի Պարժա 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեցին, եւ այդ արդիւնքով միայն ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտն է, որ Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան իր բոլոր մրցումներն ալ յաղթած է, մինչ Սերժ Օսքեան իր կոլերուն թիւը հասցուց 14-ի` գրաւելով կոլ-սքորըրներու առաջին դիրքը:


