Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տինամօ Պէյրութը:
ՀՄԸՄ, որ Դ. դասակարգի գծով բնաւ չէր կրցած յաղթել Տինամոյին, երէկ վերջապէս յաղթեց, երբ 50-րդ վայրկեանին Մոհամետ Մաթար անզսպելի հարուածով մը նշանակեց մրցումի միակ կոլը, Ապտել Սաթերի փոխանցումէն ետք: Վահագն Զարմէնեան Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ եւ քանի մը առիթ ունէր կոլ նշանակելու, առիթներ որոնք քիչ մը փորձառութեան կը կարօտին: Աւագ Պալապանեան լաւ ելոյթ ունեցաւ, Յակոբ Ապտալեան իր կարգին դաշտ ներկայացաւ իր մասնակցութիւնը բերելով այս մրցումին:
Այս յաղթանակով ՀՄԸՄ գրաւեց 3-րդ դիրքը եւ յառաջիկայ շաբթուան իր մրցումին Սապրիլի դէմ յաղթանակ մըն ալ արձանագրելով պիտի փորձէ քայլ պահել Աթլեթիքօ – Սանհարիպ զոյգին հետ:


