Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 90-Ամեակի Հեծելարշաւի Մրցումը

June 23, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 90-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ կազմակերպուած հեծելարշաւի մրցաշարքը:

Կանուխ առաւօտեան, քսանվեց մասնակիցները արդէն կը գտնուէին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակը, ուր իւրաքանչիւրին յանձնուեցաւ թիւեր կրելու համար անոնց շապիկներուն վրայ եւ անոնց տրամադրուեցան հեծիկներ, ապա սկսաւ մրցաշարքը, որ կ՛երկարէր մէկուկէս քիլոմեթրի վրայ եւ կ՛ընդգրկէր տասնհինգ տարեկանէն վեր եւ վար, աղջիկներու եւ տղոց բաժանմունքներ, մասնակիցներուն մէջ կը գտնուէին ինը տարեկանէն վար երեք մարզիկներ: Սոյն մրցաշարքին նաեւ ներկայ էր Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի ատենապետ Հրայր Սաթոյեան:

Մարզիկները անցան Պուրճ Համուտի թաղամասերէն, ապա նոյն ճանապարհէն վերադարձան: Մրցաշարքի իրաւարարներն էին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամները եւ Սագօ Նալպանտեանը: Մարզիկներու ճամբու ապահովութիւնը ստանձնած էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ոստիկանութիւնը, ներկայ էին Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը:

Օրուան հաղորդավարն էր Մարալ Հարպոյեան, որ մրցաշարքի ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի դիմատետրի էջէն  կը ներկայացնէր մրցաշարքի ընթացքը եւ կ՛ունենար հարցազրոյցներ մարզիկներու ու պատասխանատուներու հետ:

Մրցաշարքը աւարտեցաւ ժամը` 9:00-ին, եւ  իւրաքանչիւր բաժանմունքի մարզիկներ, որոնք գրաւեցին առաջին երեք դիրքերը, ստացան մետալներ եւ հաստատագիրներ: Նաեւ իննը տարեկանէն վար մասնակիցները ստացան մետալներ:

Յատուկ շնորհակալութիւն Սագօ Նալպանտեանին, որ ճիգ չխնայեց սոյն մրցաշարքի յաջողութեան համար: Մրցաշարքի աւարտին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց Սագօ Նալպանտեանը` առ ի երախտագիտութիւն իր տարիներու նուիրումին եւ ծառայութեան:

Կամաւոր բանակի հաստատ քայլերով` դէպի 100-ամեակ:

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Սերժ Օսքեանի Հեթ-Թրիքը Օգնեց Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ին

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ Պիտի Հիւրընկալէ Ռիատին` Շաբաթ Օրուան Գեղեցիկ Ճակատումէն Ետք

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.