Թայրիս Հալիպըրթըն երկու տարեշրջանէ ի վեր կը փայլի իր երիտասարդ խումբին` Ինտիանա Փէյսըրզի հետ, բայց 25 տարեկան «փոյնթ-կարտ»-ը այս տարուան աւարտականին 1 առողջ ոտքով կը խաղայ: Անոր աջ ոտքի մկանը տակաւին բորբոքած է եւ սուր ցաւերէ կը տառապի:
Երէկ առաւօտ ան 23 վայրկեան մասնակցեցաւ ու բաւական լաւ մրցումէ ետք լքեց դաշտը, եւ Ինտիանա յաղթելով 108-91 արդիւնքով կրցաւ պարտադրել 7-րդ եւ վճռական ճակատում մը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի դէմ:
Այս տարեշրջանի վերջին մրցումներուն Ինտիանա Փէյսըրզ կատարեց ինչ որ միշտ ըրաւ ամբողջ տարեշրջանին, յաղթել, երբ սպասուած չէր յաղթանակ:
Օպի Թոփին (20 կէտ) եւ Էնտրու Նեմպհարտ (17 կէտ) եղան Ինտիանայի աստղերէն, որոնք 2016-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պարտադրեցին 7-րդ վճռական մրցումը:
Փասքալ Սիաքամ (16 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եւ Թայրիս (14 կէտ) ունեցան երկրորդական դեր, ուր դանդաղ սկսելէ ետք ամէն մարզիկ որեւէ կողմէն կէտեր ձեռք ձգեց, պահ մըն ալ 36-ի հասցնելով Ինտիանայի առաւելութիւնը:
Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 21 կէտ նշանակեց Թանտըրի հաշուոյն, որ 4-րդ մասին, երբ 30 կէտի հասաւ Ինտիանայի առաւելութիւնը, դաշտէն դուրս բերաւ իր հիմնական մարզիկները:
Եթէ վիճակագրութեան նայինք, Թանտըր առաւելութիւն ունի, այն իմաստով, որ իր դաշտին վրայ խաղցող (7-րդ մրցումը) խումբը վերջին 19 մրցումներուն 15-4 յաղթելու առաւելութիւն ունեցած է: Սակայն վատ կէտ մըն ալ կայ, որ 3-3 արդիւնքով հաւասարած վերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտականին, Քլիվլենտ Քեվելիրզ (2016-ին) յաղթած էր Կոլտըն Սթէյթի դաշտին վրայ:
Վաղը գիշեր «Էն. Պի. Էյ.» պիտի ունենայ ախոյեան մը` Օքլահոմա կամ Ինտիանա: