Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 78-րդ Առցանց Լսարան. «Արցախի Էջը Չփակելու Համար Անհրաժեշտ Է Արցախի Պետական Կառոյցներու Գործունէութեան Շարունակութիւնը» Դոկտ. Վահրամ Բալայեան

June 21, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 78-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 19 յունիսին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին, նիւթ` «Արցախեան հակամարտութեան չփակուած էջը», դասախօս` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ դոկտ. Վահրամ Բալայեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը խօսեցաւ այն բոլոր ուղիներուն մասին, որոնցմէ  ընթանալը կը նպաստէ Արցախի հարցը չփակուած համարելու, նիւթին ներառելով` ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը, Պաքուի մէջ պահուող գերիներու ազատ արձակման  աշխատանքներն ու հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման ձեւերը:

Արցախի բռնագրաւումին նախօրէին ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը վերլուծելով` դոկտ. Բալայեան խօսեցաւ  գլխաւոր խաղացողներու, յատկապէս Ռուսիոյ  եւ Թուրքիոյ դերակատարութիւններուն մասին` ընդգծելով առաջինին ներքաշուիլը Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ եւ Թուրքիոյ օգտուիլը այդ կացութենէն:

Արցախի հակամարտութեան էջը չփակելու աշխատանքներուն մէջ դասախօսը կարեւորութեամբ շեշտեց Զուիցերիոյ երկպալատ խորհրդարանի որոշումները, յատկապէս` Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն երկխօսութեան հարթակ տրամադրելու ուղղութեամբ:

Վերջին բաժինը յատկացուած էր` հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան իրավիճակին, Ազրպէյճանի նենգափոխումներուն, Վատիկանի մէջ անոր տարած աշխատանքներուն:

Կարեւոր տեղեկութիւններով հարուստ այս դասախօսութեան հետեւեցաւ հարցումներու եւ տեսակէտներու փոխանցման ճամբով նիւթը յաւելեալ ձեւով խորացնող քննարկում: Լսարանին ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=2fR2yK1XDoo&feature=youtu.be

Նախորդը

Հրանդ Մարգարեանի` Յակոբ Օշականի Թատերգութիւններին Նուիրուած Արժէքաւոր Աշխատութիւնը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի Աւարտականին. Հալիպըրթըն Կարելին Ըրաւ Եւ Ինտիանա Պարտադրեց 7-րդ Ճակատում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը
Գաղութային

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը

November 10, 2026
Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին
Գաղութային

Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.