Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակումբներու Մոնտիալ. Սիթի Եւ Եուվէ Յաղթանակներով Սկսան Ռէալ Մատրիտ Հաւասարեցաւ

June 20, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակուի ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ակումբներու մոնտիալը, ուր իրենց առաջին մրցումները կատարեցին Մանչեսթըր Սիթի, Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս:

Մանչեսթըր Սիթի 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մարոքի Ուիտատը Ֆիլատելֆիոյ մէջ, ուր 37.500 հանդիսատեսներ եկած էին դիտելու մրցումը:

Ֆիլ Ֆոտըն եւ Ժերեմի Տոքիւ նշանակեցին Սիթիի երկու կոլերը: Ռիքօ Լուիս կոշտ ֆաուլի ենթարկեց մրցակից մը, եւ պրազիլցի իրաւարար Ապաթթի անմիջապէս կարմիր քարտ տուաւ անոր: ՎԱՐ-ի սենեակէն առաջարկ մը ստանալէ ետք, իրաւարարը գնաց դաշտի կեդրոնը զետեղուած պաստառը եւ վերստուգելէ ետք հաստատ մնաց իր որոշումին վրայ: Յաջորդ մրցումին, Ռէալ Մատրիտ կը մրցէր Սէուտական Արաբիոյ փոխախոյեան Հիլալին դէմ Մայեմիի մէջ:

Մայեմիի «Հարտ Ռոք» մարզադաշտին վրայ 62 հազարէ աւելի հանդիսատեսներ ականատես եղան գեղեցիկ մրցումի մը, որուն ընթացքին Չապի Ալոնսօ իր առաջին պաշտօնական մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Հիլալի հետ:

Ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ, որ հիւանդանոց փոխադրոած էր հիւանդ ըլլալուն պատճառով, փոխարինուած էր երիտասարդ սպանացի Կոնզալօ Կարսիայով, որ 34-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց Ռոտրիկոյի փոխանցումէն օգտուելով:

5 վայրկեան չանցած, Ռէալի կեդրոնի յետսապահ Ռաուլ Ասենսիօ մրցակից մը բռնելէ ետք փենալթի «նուիրեց» Հիլալին:

Փորթուգալցի Ռուպեն Նեւեշ դիւրութեամբ պարտութեան մատնեց պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուան:

Կիսախաղ չեղած, Սալեմ Տաուսարի քիչ մնաց նշանակէր Հիլալի երկրորդ կոլը, բայց մրցակից պաշտպանի մը դպնալով գնդակը ուղղուեցաւ դէպի քոռնըր: Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, Արտա Կիզեր գնդակը դպցուց Հիլալի բերդի հորիզոնական ձողին: Գնդակը հասաւ Կարսիային, որուն գլխու հարուածը վարպետօրէն զսպուեցաւ Հիլալի մարոքցի բերդապահ Եասին Պոնոյի կողմէ:

53-րդ վայրկեանին Մարքոս Լէանտրօ առիթ ունէր նշանակելու Հիլալի երկրորդ կոլը, բայց անոր հարուածը քիչ մը շեղեցաւ Ռէալի բերդէն:

87-րդ վայրկեանին Ռէալ Մատրիտի ձախ յետսապահ Ֆրան Կարսիա, Հիլալի մեծ քառակուսին մտնելէ ետք գետին բերուեցաւ, բայց իրաւարարը չսուլեց փենալթի, հակառակ Ռէալի մարզիկներու բողոքներուն:

Ֆաքունտօ Թելլօ` օրուան արժանթինցի իրաւարարը, ՎԱՐ-ի սենեակէն պահանջուեցաւ վճռելու իր կարծիքը, եւ ուղղուելէ ետք դաշտին կեդրոնը, դիտեց եղելութիւնը եւ փենալթի շնորհեց Ռէալի հաշուոյն: Նեւեշ բարկացած որոշումէն դեղին քարտ ստացաւ: Մինչ այդ դեղին քարտ ստացաւ նաեւ Մոհամետ Քահթանի, որ կոշտ թաքըլ կատարած էր Կարսիայի վրայ:

Ուրուկուէյցի Ֆետերիքօ Վալվերտէ փենալթին ղրկեց Պոնոյի ձախ ծայրի անկիւնը, բայց… Պոնօ դժուարութիւն չունեցաւ զայն զսպելու:

100-րդ վայրկեանին մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Յաջորդ մրցումին, Սինսինաթթիի մէջ, անձրեւի տակ տեղի ունեցաւ Փաչուքա-Ռետ Պուլ Զալցպուրկ մրցումը:

Մեքսիքայի Փաչուքան շատ աւելի լաւ մրցում մը ունեցաւ, բայց աւստրիական ակումբը աւելի արդիւնաւէտ էր բերդին առջեւ եւ 2-1 արդիւնքով յաղթեց:

Օսքար Կլուխ եւ Քարիմ Օնիսիվօ նշանակեցին Զալցպուրկի կոլերը, մինչ Պրայըն Կոնզալես նշանակած էր Փաչուքայի հաւասարութեան կոլը:

Երէկ առաւօտեան ժամերուն Իտալիոյ Եուվենթուսը 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն խումբը:

Քոլօ Մուանի (2), Ֆրանսիսքօ Քոնսեսաօ (2) եւ Քենան Եըլտըզ նշանակեցին Եուվէի կոլերը:

Այսօր առաւօտեան ժամերուն Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի Պոթաֆոկոյի դէմ, մինչ ժամը 19:00-ին, Պենֆիքա պիտի մրցի Օքլենտ Սիթիի դէմ:

Նախորդը

Երիտասարդներու Եուրօ. Գերմանիա-Իտալիա Քառորդ Աւարտականին

Յաջորդը

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ – Տինամօ Պէյրութ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ  Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

October 30, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Իր 200-րդ  Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 200-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

October 30, 2026
Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ  Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի
Մարզական

Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն. Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.