Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դարձ Դէպի Թուրքիա. Ինչո՞ւ ՕԹԱՆ-ը Պէտք Է Թեքի Իր Յարաբերութեան Մէջ»

June 16, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ռէնտ ամերիկեան պետական-զինուորական հետազօտութեան 1850 պաշտօնեայ ունեցող ռազմավարական կեդրոնի աւագ վերլուծաբան Ռեպեքա Լուքըսի (1) 18 մարտ 2025-ի մեկնաբանութեան խորագիրն է վերոնշեալը (2):

«Թուրքիոյ հետ ՕԹԱՆ-ի գործընկերութեան խորացումը մտածելակերպի փոփոխութիւն կը պահանջէ: Եւրոպացի առաջնորդները պէտք է հրաժարին այն պատրանքէն, թէ` Թուրքիան երբեւէ արեւմտեան արժէքներով առաջնորդուող դաշնակից մը կրնայ դառնալ, ինչ որ Եւրոպան կը փափաքի: Փոխարէնը` անոնք պէտք է գործ ունենան Թուրքիոյ մը հետ, որ այսօր գոյութիւն ունի», կ՛ամփոփէ Լուքըս:

ՕԹԱՆ-ի կեդրոնը Պրիւքսելի մէջ:

«Ձգտելով ամրապնդել պաշտպանութեան դիրքերը` Եւրոմիութիւնը կեդրոնացած է իր ռազմական արդիւնաբերութեան ամրապնդման վրայ` ներքին արտադրութեան մէջ գումարներ թափելով եւ համագործակցութեան խոչընդոտները նուազեցնելով: Թէեւ այս ներքին ներդրումը ճգնաժամային է, սակայն Եւրոմիութիւնը պէտք է նաեւ իր սահմաններէն դուրս դաշնակիցներ փնտռէ: Եւ ահա այդպիսի առանցքային գործընկեր մը` Թուրքիան, յստակ տեսադաշտին մէջ պահուըտած է:

«Վերջին օրերուն եւ շաբաթներուն լուրեր տարածուեցան, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը քննարկէ թրքական զօրքերու մասնակցութիւնը Ուքրանիոյ խաղաղապահ ուժերուն: ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր քարտուղար Մարք Ռութ քուլիսներու ետին արդէն կոչ կ՛ընէ` խորացնելու համագործակցութիւնը Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ:

«Թուրքիան միշտ Արեւմուտքի դիւրին դաշնակիցը եղած չէ: Էրտողան յաճախ  օգտագործած է ՕԹԱՆ-ի իր երկրին անդամակցութիւնը` իբրեւ զիջումներ կորզելու լծակ, յետաձգելով համաձայնեցուած գործողութիւններ Լիպիոյ մէջ 2011-ին եւ կասեցնելով, օրինակ, Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութիւնը դաշինքին: Այս գործարքային մօտեցումը դժուար թէ փոխուի: Բայց ահա կարեւոր կէտը. Թուրքիան մեծ մասամբ յարգած է իր կնքած գործարքները: Իսկ Թուրքիան չունի քաղաքական կամ տնտեսական լծակներ` պարզապէս համաձայնութիւններէն հեռանալու համար:

«Աւելի՛ն. Թուրքիոյ հիմնական աշխարհաքաղաքական շահերը եւ, կարելի է ըսել, միջազգային կայունութեան տեսլականը կը շարունակեն համահունչ մնալ ՕԹԱՆ-ին հետ: Անգարան կարեւոր դեր խաղաց` Ուքրանիոյ աջակցելու, ռազմական օգնութիւն տրամադրելու եւ Մոնթրոյի ուխտը կիրարկելու, որ կը սահմանափակէ ռուսական ծովային ուժերու շարժումը Մարմարայէն: Ռուսիոյ հանդէպ Թուրքիոյ խոր անվստահութիւնը, որ կը բխի դարաւոր հակամարտութիւններէն եւ մրցակցութենէն, կը շարունակէ ձեւաւորել անոր ռազմավարական հաշիւները:

«Թուրքիոյ հիմնական աշխարհաքաղաքական շահերը եւ, կարելի է ըսել, միջազգային կայունութեան տեսլականը կը շարունակեն ՕԹԱՆ-ին հետ համահունչ մնալ:

«ՕԹԱՆ-ի իւրաքանչիւր անդամ բանով մը իր իւրայատուկ ներդրումը ունի, եւ Թուրքիան բացառութիւն չէ: Ան կրնայ տրամադրել ռազմական զանգուած, զօրաւոր ռազմական արդիւնաբերութիւն եւ դիւանագիտական հասանելիութիւն` Եւրոպայէն դուրս: Ունենալով ՕԹԱՆ-ի երկրորդ մեծ բանակը` Թուրքիան դաշինքին մեծ թիւով զինուորներ կրնայ տրամադրել, որ անգնահատելի գործօն է երկար սահմանները պաշտպանելու կամ առաջնագիծը պահպանելու: Թէեւ անոր զօրքերուն մէկ մասը ժամկէտային զինծառայողներ են, որ զանոնք կը դարձնէ նուազ մարտունակ, քան` արհեստավարժ ուժերը, սակայն քանակը կը մնայ որոշիչ առաւելութիւն` ժամանակակից պատերազմներուն մէջ:

«Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերութիւնը զգալիօրէն աճած է` օգտուելով տասնամեակներու ներդրումներէն եւ արուեստագիտական փոխանցումէն: Թէեւ թրքական արտադրութիւնը, ինչպիսին է «Պայրաքտար TB2» անօդաչու թռչող սարքը, որ կրնայ մասնագիտականօրէն այդքան զարգացած չըլլալ, որքան` իր արեւմտեան տարբերակները, ան ապացուցած է, իր գինին համեմատ, մարտի մէջ բարձր արդիւնաւէտութիւնը: Ուքրանիոյ մէջ թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն յաջողութիւնը առաւելութիւն է, արտադրուող զէնքին գինին, եւ ժամանակակից սակաւ այլընտրանքներուն դիմաց: Դարաշրջանի մը մէջ, ուր արագ մատակարարումը վճռորոշ է, Թուրքիոյ մեծաքանակ արտադրութեան կարողութիւնները ռազմավարական արժէք ունին:

«Բացի իր ռազմական ներդրումներէն` Թուրքիոյ դիւանագիտական, մշակութային եւ տնտեսական կապերը կը տարածուին Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ: Ի տարբերութիւն ՕԹԱՆ-ի իր եւրոպացի գործընկերներուն` Անգարան կրնայ գործ ունենալ այնպիսի վարչակարգերու հետ, որոնցմէ Պրիւքսելը եւ Ուաշինկթընը կը նախընտրեն խուսափիլ: Անկախ անկէ` Թուրքիան կարեւոր հանածոներու հասանելիութիւն կ՛ապահովէ` ուժանիւթի առեւտուր կնքելով թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ ալ Չինաստանի հետ, որ կրնայ ՕԹԱՆ-ին համար որպէս կամուրջ ծառայել դէպի այն տարածաշրջաններ, ուր Արեւմուտքի վստահելիութիւնը  սահմանափակ է:

«Թուրքիոյ հետ ՕԹԱՆ-ի գործընկերութեան խորացումը մտածելակերպի փոփոխութիւն կը պահանջէ: Եւրոպացի առաջնորդները պէտք է հրաժարին այն պատրանքէն, թէ Թուրքիան երբեւէ արեւմտեան արժէքներով առաջնորդուող դաշնակից մը կրնայ դառնալ, ինչ որ Եւրոպան կը փափաքի: Փոխարէնը` անոնք պէտք է գործ ունենան Թուրքիոյ մը հետ, որ այսօր գոյութիւն ունի: Աւելի գործարքային յարաբերութիւններով իրապաշտ մօտեցումով մը, ուր ընդհանուր շահերը կը գերիշխեն գաղափարական ուղղութեան: Թուրքիան ինքզինք իբրեւ անկախ պետութիւն կը նկատէ եւ ոչ թէ` ՕԹԱՆ-ի ենթակայ անդամ, եւ անոր ղեկավարները կը շարունակեն գործարքներ կնքել, որոնք լաւագոյնս կը ծառայեն իրենց ազգային շահերուն: Այս իրականութեան դիմադրելու փոխարէն` ՕԹԱՆ-ը պէտք է զայն օգտագործելու համար ուղիներ գտնէ:

«Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կը ճշդուի ռազմավարական անկախ մօտեցումով: Թէեւ այդ կրնայ հիասթափեցնել ՕԹԱՆ-ի ղեկավարները, սակայն միեւնոյն ատեն այդ կը նշանակէ, որ Անգարան դժուար թէ դառնայ Ռուսիոյ խամաճիկը: ՕԹԱՆ-ը,  փոխանակ Թուրքիան ճնշելու, պէտք է նշէ այն տարածքները, ուր Թուրքիոյ անկախութիւնը կը համընկնի Արեւմուտքի նպատակներուն, օրինակ` հակազդել Ռուսիոյ ազդեցութեան Սեւ ծովուն եւ Սուրիոյ մէջ:

«ՕԹԱՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն ամենամեծ խոչընդոտներէն մէկը Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցն է: Ո՛չ ոք լրջօրէն կը հաւատայ Թուրքիոյ անդամակցութեան` Եւրոմիութեան, սակայն կողմերէն ո՛չ մէկը կ՛ուզէ այս իրողութիւնը պաշտօնապէս ընդունիլ: Այս անորոշութիւնը դժգոհութիւն կը պատճառէ: Ոչ մէկ տեղ տանող դիւանագիտական այս պարը շարունակելու փոխարէն` ՕԹԱՆ-ի առաջնորդները պէտք է ընդունին իրականութիւնը: Թուրքիոյ ապագան Եւրոպայի հետ սերտ, բայց անկախ գործընկերութեան մէջ է, ինչպէս` Զուիցերիոյ, Նորվեկիոյ, կամ (աւելի շատ) Միացեալ Թագաւորութեան հետ:

«Թուրքիան իտէալ դաշնակից չէ, սակայն այժմու աշխարհաքաղաքական մթնոլորտին մէջ իտէալ դաշնակիցներ ունենալը շքեղութիւն է, որ ՕԹԱՆ-ը չի կրնար ապահովել: Անգարայի ժողովրդավարական ետքայլը, մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ Ռուսիոյ հետ սիրախաղը անհերքելի լարուածութիւն կը ստեղծեն: Սակայն Թուրքիան կը մնայ կարեւոր դերակատար ռուսական նախայարձակումին հակազդելու, Սուրիոյ մէջ կայունացման եւ ՕԹԱՆ-ի համաշխարհային հասանելիութեան ընդլայնման գործին մէջ:

«Պաշտպանութեան եւրոպական վերջին բանակցութիւնները, որոնք կը ներառէին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը, կը վկայեն, որ նոր թափ ստացած է: Այժմ ՕԹԱՆ-ը պէտք է օգտագործէ այս հնարաւորութիւնը` վերաիմաստաւորելու իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, ոչ թէ իբրեւ դժկամող գործընկեր, այլ` որպէս անփոխարինելի մը»: Վերջ:

Ընդհանուր առմամբ իրատեսական է այս վերլուծումը, սակայն նախավերջին պարբերութեան` «Սուրիոյ մէջ կայունացման եւ ՕԹԱՆ-ի համաշխարհային հասանելիութեան ընդլայնման գործին մէջ» հաստատումը երկու հակասական միտքեր կը պարունակեն: Ամբողջ աշխարհը կը վկայէ, որ Թուրքիան էր Սուրիոյ ապակայունացման ետին կանգնողը: Երկրորդը` ՕԹԱՆ-ը, որ Հիւսիսատլանտեանի դաշինք է, ի՞նչ գործ ունի «համաշխարհային հասանելիութեան ընդլայնում» ապահովելու մէջ, եւ` Թուրքիան ալ անդամ ունենալով: Կա՛մ թող մնան Հիւսիսային Ատլանտեանի ծիրին մէջ, կա՛մ ալ պէտք է անուննին փոխեն` համահունչ մնալով իրենց իրական նպատակին եւ կատարածին հետ:

Վերջապէս, Ռենտ կեդրոնի 2019 ապրիլի ուսումնասիրութեան` Ռուսիան տկարացնելու ռազմավարական թելադրանքներուն (3) բոլոր 6-ը գործադրուեցան, ներառեալ` Արցախի կորուստը: Տես` «Արցախը զոհ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութեան» (4), 23 հոկտեմբեր 2020-ի յօդուածս, ուր նշուած են 6 թելադրանքները եւ այժմ անոնց գործադրութիւնը.

(1).- Ուքրանիոյ մահացու (զինատեսակ) օժանդակութիւն տրամադրել: (ԱՅՈ) ձախող:

(2).- Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն զօրակցութիւնը աւելցնել: (ԱՅՈ) յաջող:

(3).- Պիելոռուսիոյ մէջ իշխանափոխութիւն յառաջացնել: (ԱՅՈ) ձախող:

(4).- ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՈՐԾԵԼ: (ԱՅՈ) յաջող:

(5).- Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնել: (ԱՅՈ) ձախող:

(6).- Ասպարէզ կարդալ Մոլտովայի մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան: (ԱՅՈ) յաջող:

Ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու կեդրոններու տեղեկագրերուն իրազեկ դառնալը եւ դիւանագիտական ու ռազմական նախապատրաստութիւնը առաջնահերթութիւն են արագօրէն փոխուող աշխարհաքաղաքականութեան մէջ:

23 մարտ 2025

haroutchekijian.wordpress.com

—

  1. https://www.rand.org/about/people/l/lucas_rebecca.html
  2. https://www.rand.org/pubs/commentary/2025/03/turning-towards-turkey-why-nato-needs-to-lean-into.
  3. https://www.rand.org/pubs/research_reports/RR3063.html
  4. https://haroutchekijian.wordpress.com/2020/10/23/արցախը-զոհ-միացեալ-նահանգներու-ռազմա/
Նախորդը

Հայկական Գաղութները Միջին Արեւելքի Մէջ. Մարտահրաւէրներ, Հնարաւորութիւններ Եւ Գոյատեւման Ուղիներ

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ապրեցա՛նք, Յաղթանակի Մեծութիւնը («Քնար» Պարախումբի Ելոյթին Առիթով)

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.