Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Տրամաբանութիւն Մի՛ Փնտռէք

June 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Թրամփի վարչամեքենան պատժամիջոցներ ճշդած է Միջազգային քրէական դատարանի (ICC) անդամներէն չորսին դէմ, որովհետեւ յանդգնած են քննութիւն բանալ կազացիներուն դէմ Իսրայէլի ոճրային արարքներուն դէմ: Այլ խօսքով, երբ աշխարհի չորս ծագերէն բողոքի եւ քննադատութեան ձայներ կը բարձրանան, թէ իսրայէլեան բանակն ու անոր քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարները ամէն օր նոր ոճիրներ կը գործեն կազացիներուն դէմ, ցեղասպանութիւն կը գործեն, զանոնք մինչեւ իսկ կը զրկեն սննդական օժանդակութիւններէ, անդին` Թրամփ եւ ընկերութիւն սաստ կ՛ուղղեն միջազգային ճանչցուած ատեանի մը, որպէսզի ան ալ իրեն պէս ուրիշ կողմ նայի եւ աչք փակէ այդ ոճիրներուն վրայ:

Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. եթէ մէկը ոճիր կը գործէ, զայն հետապնդողն ու դատապարտողը սխալ կ՛ընէ, պէտք է փոխէ իր ակնոցը, եթէ պէտք է, փոփոխութեան ենթարկէ… օրէնքը եւ զայն պատշաճեցնէ ոճրագործին «քաղաքականութեան»:

***

Ազրպէյճան կը պահանջէ Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, որպէսզի մտածէ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու մասին (ունի բազում այլ պահանջներ ալ): Հայաստանի վարչապետ կոչեցեալը կ՛ըսէ, որ հարցը պիտի տանի Սահմանադրական դատարան, ու եթէ դատարանը տեսնէ, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը չի համապատասխաներ սահմանադրութեան, պատրաստ է փոփոխութեան ենթարկելու… սահմանադրութիւնը: (Աշխարհի մէջ ամէն տեղ կ՛ըլլայ հակառակը): Նման դիտաւորութեան ետին չըլլա՛յ որ ազերիական պահանջ տեսնէք:

… Որո՞ւ հոգը, թէ ազերիները ամէն օր կը կրակեն Հայաստանի սահմանային գիւղերուն վրայ, որո՞ւ հոգը, թէ հայեր ազերիական խամաճիկ դատարաններու մէջ կը դատուին: Որո՞ւ հոգը, թէ ազերիական թշնամանքներն ու հայկական հողերու իւրացումը նոր հորիզոններու դիմաց են (չշարունակենք): Երեւանի ՔՊ-ականները պատրաստ են նաեւ միջազգային ատեաններէ ետ քաշել Ազրպէյճանի դէմ բողոքագիրները, ամբաստանագիրները, եթէ ժամանակ գտնեն… եկեղեցին վարկաբեկելու իրենց արշաւին մէջ:

Թերթերուն մէջ ծանուցում մը պիտի հրատարակուի. «Կը փնտռուի տրամաբանութիւն»:

 6 յունիս 2025

Նախորդը

Նազարէթ Սապունճեանի Դամբանական

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.