Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

June 12, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հալէպահայութիւնը Տօնախմբեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 107-Ամեակը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական միութեան, 1 յունիսին Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 107-ամեակի տօնախմբութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիլիթ Ժամկոչեան, որ յայտնեց, թէ 107 տարի առաջ հայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ Արամ Մանուկեանի շուրջ, հայ ժողովուրդի պայքարը պսակուեցաւ Հայոց ազգային խորհուրդին կողմէ Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեամբ, աւելցնելով, որ վեց դարերու խաւարէն ետք հայրենիքի անկախութիւնը կերտող փաղանգը հնչեցուց յաղթանակի շեփորը, ծածանեց եռագոյն դրօշը եւ հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան էջերուն ոսկեայ տառերով արձանագրեց լուսաւոր ու փառապանծ էջ մը:

Երեկոյի ընթացքին բեմավար Սարգիս Սարգիսեան արտասանեց Միքայէլ Վարանդեանի, Յովհաննէս Քաջազնունիի, Լեւոն Շանթի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Գէորգ Գանտահարեանի Հայաստանի առաջին անկախութեան խորհուրդը ամփոփող խօսքերէն հատուածներ:

Օրուան բանախօս Ներսէս Պարսումեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի անկախութեան նախորդող աշխարհաքաղաքական պայմանները եւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ապա անդրադարձաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն, հայութեան միասնական պայքարին, լուսարձակի տակ առնելով Արամ Մանուկեանի կերպարը` որպէս մարտունակ ու հայրենասէր ղեկավարի, ապա Հայաստանի պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ համարեց Հայաստանի անվտանգութեան համակարգի ամրապնդումը, ազգային միասնականութեան վերակերտումը,

արտաքին ճկուն քաղաքականութիւնը` առաւելագոյն օգուտը քաղելու աշխարհաքաղաքական զարգացումներէն: Ան դիտել տուաւ, որ հզօր Հայաստանի կերտման ճամբուն վրայ իւրաքանչիւր հայ ներդրում պէտք է ունենայ իր մտածումով, ստեղծագործութեամբ ու աշխատանքով:

Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը պէտք է վերադարձնել ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ:

Հայաստանի ժողովուրդին համար պէտք է գերխնդիր դարձնել Արցախի օրակարգին շուրջ համախմբումը, եւ պէտք է հակազդել ազգային արժեհամակարգին դէմ սանձազերծուած ապազգային արշաւին` ազգային դաստիարակութիւն ջամբելով երիտասարդ մեր սերունդներուն:

Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց  սրբազան հայրը, որ շեշտեց, իւրաքանչիւր անհատ ի՛նչ դիրքի եւ պաշտօնի վրայ ալ գտնուի, պարտաւորութիւններ ունի մեր հայրենիքին, ազգին ու մեր ազգային արժէքներուն հանդէպ, մաղթելով, որ սոյն տօնակատարութեան խորհուրդին ընդմէջէն իւրաքանչիւրին մէջ առաջին հանրապետութիւնը ստեղծող համեստ ու արի մարդոց գիտակցութեամբ բոցավառին ազատութեան եւ ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն հանդէպ սէրն ու յարգանքը: Սրբազանը նաեւ աղօթեց, որ Աստուած իմաստութիւն եւ ճկունութիւն տայ իշխանութեան գլուխը գտնուող մեր բոլոր ղեկավարներուն, պատասխանատուներուն` ամէն մակարդակներու վրայ, որպէսզի ճիշդ ժամանակին ճիշդ որոշումներ կայացնեն եւ ճիշդ մարդիկը դնեն պաշտօնի վրայ ու մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ գերագոյն շահերը նկատի ունենալով` միասնութեան ոգիով գործեն, ոչ թէ` բաժան-բաժան դարձած, իրարու դէմ ելլելով:

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ  Լիբանանէն ժամանած ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Ղազար Քէօշկէրեան` ընկերակցութեամբ լիբանանահայ արուեստագէտ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Միացեալ Նահանգներ

Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան Ընդունեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Նոր Կազմը

27 մայիսին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի նորընտիր յանձնախումբին` գլխաւորութեամբ ատենապետ Օշին Յարութիւնեանի: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան:

Սրբազան հայրը նախ շնորհաւորեց նոր կազմը, ապա իր խօսքին մէջ դրուատանքով արտայայտուեցաւ Հայ դատի աշխարհացրիւ յանձնախումբերու տասնամեակներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու տարածքին տարուող աշխատանքներուն մասին, եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց նոր կազմի ծրագիրներուն:

Փոխադարձ ծանօթացման հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ յանձնախումբին անդամները, իրենց կարգին, Հայ եկեղեցւոյ խորհուրդով եւ առաջնորդին քաջալերական խօսքերով լեցուին ու շնորհակալութեամբ ստանան սրբազան հօր աղօթական օրհնութիւնները:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Նախկին Անդամ Դոկտ. Մելինէ Գարագաշեան Մահացաւ

30 մայիսին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, վաստակաշատ դոկտ. Մելինէ Գարագաշեան կնքեց իր մահկանացուն:   Ան  եղած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ 1992-էն մինչեւ 1995` երկրաշարժի արհաւիրքին յաջորդող տարիներուն, ինչպէս նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է յատկապէս ՀՕՄ-ի Հոգեբանական ծառայութեան գրասենեակներու եւ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն եւ արցախեան պատերազմէն տուժածներուն ցուցաբերուած օգնութեան աշխատանքներուն:

Դոկտ. Գարագաշեան ծնած է ապրիլ 1943-ին, Պէյրութ: Իր նախնական ու երկրորդական ուսումը ստացած է Սուրբ Նշան վարժարանին եւ Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ: Ֆրանսական պաքալորէայի փորձառական գիտութիւններու ճիւղին հետեւած է Միջազգային քոլեճին մէջ: Այնուհետեւ հաստատուած է Նիւ Ճըրզի, ուր աւարտած է Ռաթկըրզ համալսարանի հոգեբանութեան ճիւղը: Ապա դպրոցական եւ համայնքային հոգեբանութեան մագիստրոսական ու բժշկական մանկական հոգեբանութեան դոկտորական տիտղոսներ ստացած է Սիթըն Հոլ համալսարանէն:

2001 թուականին, Նիւ Եորքի ահաւոր աղէտէն ետք, կը դասաւանդէ Նիւ Ճըրզիի Հոգեբանութեան ընկերակցութեան անդամներուն եւ կը գնահատուի Մտային առողջութեան ընկերակցութեան եւ Ամերիկեան հոգեբանութեան ընկերակցութեան նախագահներուն կողմէ:

Գրած է անգլերէն ու հայերէն գիտական յօդուածներ: Հրատարակած է` «Ցեղասպանութեան հոգեցնցումն ու ազգային ինքնութիւնը» (2006), «Կոմիտաս. հոգեբանական վերլուծում մը» (2011) եւ «Կոմիտաս. Մեծ եղեռնի զոհը» (2015): Վերջինս լոյս տեսած է նաեւ անգլերէն:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 3 յունիսին, Սուրբ Ստեփանոս (Էլպըրոն, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցւոյ մէջ:

Արեւմտեան Ամերիկայի Մէջ Նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 107-Ամեակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ շրջանի «Արմէն Գարօ» կոմիտէին, 31 մայիսին Օրենճ Քաունթիի Հայ կեդրոնի «Ղուկասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 107-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն:

Տօնակատարութիւնը համընկեցաւ զօրավար Դրոյի (Դրաստամատ Կանայեան) ծննդեան օրուան հետ: Առ այդ, ցուցադրուեցաւ անոր յիշատակին նուիրուած յատուկ տեսերիզ  մը:

Օրուան հանդիսավար Կարօ Գալայճեան ողջունեց ներկաները, իսկ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան սեղանները օրհնեց եւ ընդգծեց մայիսի 28-ի անկախութեան տօնին կարեւորութիւնը:

ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Պատոլեան ելոյթ ունենալով, պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանին վրայ` ընդգծելով, որ 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը հիմնաքարն է մեր գոյատեւման եւ պատուիրանը` մեր լինելիութեան, եւ հաստատեց, որ Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի հերոսամարտերը եւ 1918-ի անկախութիւնը մեր գոյութեան հիմքերն են:

Պատոլեան ըսաւ, որ կը նշենք ու կը յիշենք այդ նուիրական օրը, որովհետեւ այս օրերուն Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն համակերպուածութեան առաջնորդել մեզ` համոզելով հաւատալ թուղթի կտորի մը, որ վերնագրած են խաղաղութիւն: Անոնք կը փորձեն թիրախաւորել իւրաքանչիւր ազգային քաղաքական գործիչ, լրատուամիջոց կամ կուսակցութիւն, եւ բոլորովին անհասկնալի ալ չէ, որ այս հալածանքներու ուղիղ կեդրոնը կանգնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որովհետեւ մեր ներքին եւ արտաքին թշնամիները լաւ գիտեն, որ ՀՅԴ-ի մէջ խտացուած են ազգային մեր բոլոր արժէքներն ու իղձերը, եւ լաւ ըմբռնած են ՀՅԴ-ի գաղափարական հասանելիութիւնը` տարածուածութիւնը: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի համար բաղձալի Հայաստան մը կերտելու ճամբուն վրայ ենք, եւ հետեւաբար  չկան առաջին, երկրորդ, երրորդ կամ չորրորդ հանրապետութիւններ: Կայ մէ՛կ հանրապետութիւն, որուն սկիզբը դրուեցաւ 1918-ին, եւ որուն վերջը պիտի պսակուի ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի կերտումով:

Զօրավար Դրոյի թոռնիկը` Ֆիլիփ Կանայեան, ներկայացուց մեծ հայ հերոսին եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտի առաջնորդին կեանքը` ընդգծելով, որ Դրոն մինչեւ իր մահը եղած է դաշնակցական եւ հաւատացած էր, որ ամէնէն մեծ ծառայութիւնը, որ հայ մարդը կրնայ ընել, ազգին ծառայելն է: Դաշնակցութիւնը, ըստ անոր, մէկ մարդու կամ ընտանիքի մասին չէր, այլ` նուիրումի եւ ազգասիրութեան եւ հարցերու լուծման ուղղութեամբ վճռական քայլերու մասին:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, իրաւաբան Կարօ Ռ. Մատէնլեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը հաւաքական ճիգով, նուիրումով, արիութեամբ եւ կազմակերպուած աշխատանքով ձեռք բերաւ անկախութիւնը, աւելցնելով, որ այսօրուան հանրապետութեան ժառանգները մենք ենք, եւ մեր պարտականութիւնն է շարունակել այդ գործը: Ան յիշեց 1918-ի եւ Արցախի հերոսները, որոնց անձնուրաց գործունէութեամբ մենք հասանք ազատութեան:

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ  հայրենասիրական ու յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Գառնիկ Սարգիսեան:

Տեսակցութիւն` Արեւելեան ԱՄՆ–ի Առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի Հետ

31 մայիսին ՀՅԴ Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն իր կեդրոնատեղիին մէջ հիւրընկալեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի  առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան շրջանի գաղութներու ներկայ իրավիճակը եւ ընդհանրապէս մարտահրաւէրները, որոնք կը դիմագրաւեն թէ՛ սփիւռքը եւ թէ՛ հայրենիքը: Շեշտուեցաւ նաեւ միասնութեան, աջակցութեան եւ համագործակցութեան հրատապ կարիքը` երկարաժամկէտ համայնքային զարգացման տեսլականով: Առաջնորդ սրբազանը իր օրհնութիւնը տուաւ Կեդրոնական կոմիտէին` յառաջիկայ աշխատանքներուն համար, միաժամանակ ընդգծելով, որ Հայ եկեղեցին եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մէկ ամբողջութիւն են` երկու թեւերով, որոնք միասին կը գործեն հայ ժողովուրդին համար:

ՀՅԴ Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան վերահաստատեց սրբազան հօր պատգամը` նշելով, որ Երեւանի որդեգրած վտանգաւոր քաղաքականութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ համայնքներուն վրայ, եւ շեշտեց, որ պէտք է ճկունութիւն ու տոկունութիւն կիրարկել նոր մարտահրաւէրներու դիմաց:

Հանդիպումին կրկին շեշտուեցաւ, որ յատկապէս ապագայի սերունդին համար համագործակցութիւնը կարեւորագոյն դեր ունի հայ ինքնութեան պահպանումին եւ անոր երաշխաւորման մէջ:

Քանատա

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Նախաձեռնած Նուիրահաւաքներէն Գոյացաւ 350 Հազար Տոլար

Յունիս 8-ին Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ նուիրահաւաքի հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին Մոնրէալի եւ Լաւալի հայ համայնքներու Հայ դատի աջակիցներն ու գործակից եւ ուղեկից միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Օրուան հանդիսավար Շողիկ Սարգիսեան-Գաթարոյեան բացման իր խօսքին մէջ յայտնեց.  «Այս երեկոյ հաւաքուած ենք` որպէս Հայ դատի վճռական նուիրեալներ, կառչած մնալով մեր արժէքներուն եւ մեր ամուր հաւատքին, այն համոզումով, որ չենք լռեր անարդարութեան դիմաց եւ չենք յապաղիր ամէն ջանք ի գործ դնել` մեր ժողովուրդի եւ Հայ դատի անժամանցելի պայքարը իր յաջողութեան հասցնելու»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու բազմաբեւեռ գործունէութեան` Ուաշինկթընէն մինչեւ Պրիւքսել եւ Միջին Արեւելք: Ան նաեւ նշեց, որ Քանատայի մէջ վերջին տասնամեակներու Հայ դատի յանձնախումբի հսկայածաւալ գործունէութիւնը իր շուրջ համախմբած է քանատահայութիւնը, որ միշտ ընդառաջած է յանձնախումբի կոչերուն եւ զօրաշարժերուն: Ան նաեւ խրախուսիչ նկատեց Քանատայի տարածքին գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն մէջ ներգրաւուած երիտասարդներու նոր փաղանգը: Իր խօսքի աւարտին ան ՀՅԴ Բիւրոյի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ դատի աշխատանքներուն աջակցող եւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած հայորդիներուն:

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան յայտնեց, որ շնորհիւ մեր յանձնախումբերու հետեւողական աշխատանքին` Հայ դատի պայքարը Քանատայի մէջ հասցուցինք նոր բարձունքներու` արձանագրելով բազմաթիւ քաղաքական եւ դիւանագիտական նշանակութիւն ունեցող ձեռքբերումներ, որոնք անմիջական ազդեցութիւն ունեցան` Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Քանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան, Հայոց ցեղասպանութեան արդար յիշատակման, ինչպէս նաեւ ժողովրդային կարծիքի ձեւաւորման վրայ:

Ան նաեւ նշեց, որ հանգանակութեան ընթացքին գոյացած գումարը պիտի նպաստէ Օթթաուայի մէջ Internship ծրագիրի մը մեկնարկին` պատրաստելու համար Հայ դատի նոր սերունդի գործիչներ, Օթթաուայի գրասենեակի երկարամեայ տնօրէն Ռուբէն Գույումճեանի անուան կրթաթոշակի հաստատման, որուն մեկնարկը պիտի կատարուի 2025 թուականի համալսարանական վերամուտի ընթացքին, Հայ դատի նոր առցանց Action Platform-ի մը ստեղծման, որուն միջոցով հրատապ հարցերու շուրջ քանատահայութիւնը պիտի կարողանայ աւելի հեշտութեամբ կապ հաստատել իր խորհրդարանական եւ կառավարական ներկայացուցիչներուն հետ` ելեկտրոնային նամակներու միջոցով:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պելեան զեկուցեց քանատական քաղաքական դաշտին մէջ յանձնախումբին ծաւալած գործունէութեան մասին` նշելով, որ առկայ քաղաքական իրավիճակին համահունչ` յանձնախումբը վերամշակուած ռազմավարութեամբ գործի դաշտ նետուած է: Ան նաեւ հաստատեց, որ Քանատայի թուրք եւ ազրպէյճանցի համայնքները վերջին տարիներուն աւելի շեշտաւորուած կը կատարեն հակահայ քարոզչութիւնը եւ յաւելեալ ճիգ կը թափեն ներթափանցելու քանատական դաշնակցային եւ նահանգային քաղաքական օրակարգէն ներս, եւ այս դիտանկիւնէն աւելի աչալուրջ եւ հետեւողական ըլլալու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուին Քանատայի մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերը: Ան յայտնեց, որ յանձնախումբի յառաջիկայ ծրագիրներուն շարքին ընդգրկուած է քանատական ներքաղաքական գործընթացներուն մասին հայ համայնքը հաղորդ պահելու առաջադրութեամբ` հաղորդակցական համացանցային համայնքային հարթակի մը ստեղծումը:

Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Յարութ Դաւիթեան յայտնեց, որ այսօրուան դրութեամբ յանձնախումբը կը հետապնդէ երկու ռազմավարական առաջնահերթութիւններ` քաղաքական եւ քաղաքացիական ներգրաւուածութիւն` Քեպեքի հայութեան շահերը պաշտպանելու ի խնդիր եւ հայ ինքնութեան պահպանում` հայ համայնքի լեզուի ու մշակոյթի պաշտպանութեան ի խնդիր: Ան նաեւ յայտնեց, որ յանձնախումբի տքնաջան աշխատանքներուն շնորհիւ` մօտ ապագային Մոնրէալի Ողջակիզումի թանգարանը որոշած է մնայուն ձեւով ներառել Հայոց ցեղասպանութիւնը թանգարանի ցուցասրահին մէջ:

Հանդիսութեան աւարտին յայտարարուեցաւ, որ Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ կայացած նուիրահաւաքներու ընթացքին գոյացած է աւելի քան 350 հազար տոլար:

Վանքուվըրի Մէջ Նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 107-Ամեակը

Յունիս 7-ին վանքուվրահայ համայնքը հաւաքուած էր Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ` նշելու համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 107-ամեակը: Այս յիշարժան ձեռնարկը կազմակերպուած էր Վանքուվըրի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին կողմէ:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Քանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով: Երեկոյի հանդիսավար Գէորգ Գատեհճեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց 1918-ի մայիս 28-ի պատմական դերը` որպէս հիմք այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սօսի Թերզեան-Եագուպեանը, որ իր ներշնչող խօսքին մէջ վերստին ոգեկոչեց 1918 թուականի անկախութեան կերտիչները: Ան վստահեցուց, որ  ՀՅԴ-ն պատրաստ է այսօր նոյնպէս կանգնելու մեր ժողովուրդի կողքին եւ բարձր պահելու ազգային ոգին:

Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Լոս Անճելըսէն հրաւիրուած երգիչ Յովսէփ Կոմիտաս եւ իր նուագախումբը, որոնք իրենց ելոյթներով ցնծալից մթնոլորտ ստեղծեցին մինչեւ առաւօտեան ժամերը: Հիւրերը մասնակցեցան ազգային եւ հայրենասիրական երգերուն:

Երեկոյթի ընթացքին աւելի քան 6000 տոլար նուիրատուութիւն հաւաքուեցաւ Վանքուվըրի Հայ դատի յառաջիկայ ծրագիրներու դրամահաւաքին համար:

Ֆրանսա

Գրիգոր Պըլտեան Պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Շքանշանով

21 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան  ստորագրեց հրամանագիր մը` ֆրանսահայ ծանօթ գրող եւ մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանը «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով պարգեւատրելու մասին:

Վերոնշեալ հրամանագրին մէջ ըսուած էր. «Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը, համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին օրէնքի 5.3-րդ յօդուածը, Հանրապետութեան տօնին առիթով, մշակոյթի զարգացման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար գրող, գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեանին (Ֆրանսա) պարգեւատրել «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

 

Նախորդը

Առողջապահական

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն»-ի Կազմակերպութեամբ. «Ճիշդ Հնչենք» Աշակերտական Մրցում-Յայտագիրը Ունեցաւ 2025-ի Իր Երեք Նոր Մրցանակակիրները

RelatedPosts

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը
Գաղութէ Գաղութ

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը

November 21, 2026
Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը

November 21, 2026
Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում
Գաղութէ Գաղութ

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.