Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտի Մէջ Նախագահներ Սարգսեան Եւ Սահակեան Մասնակցեցան Շուշիի Ազատագրման Տարեդարձի Տօնակատարութեանց

May 9, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան նուիրուած հանդիսութիւններուն շրջագիծին մէջ Ստեփանակերտ կը գտնուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ երէկ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց զինուորներու շիրիմներուն:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանը, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ.  կաթողիկոս եւ ուրիշներ:

Շուշի մեկնելու ճամբուն վրայ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահները, անոնց ուղեկցող անձերուն հետ, կանգ առին Շուշիի մատոյցներուն մէջ տեղադրուած զրահապատ յուշարձանին մօտ, որ 9 մայիս1992-ին առաջինը մտած էր Շուշի քաղաք:

Այնուհետեւ նախագահները մասնակցեցան Շուշի քաղաքի «Հին այգի» կոչուող պուրակին մէջ կազմակերպուած ժողովրդական տօնախմբութեան:

Նշենք, որ այս օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւելի քան տօնական տրամադրութիւն կը տիրէ: Բազմաթիւ տօնական ձեռնարկներէն զատ այսօր կը սպասուի գլխաւորը` զինուորական շքերթը, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուի Լեռնային Ղարաբաղի բանակի զինուորական ուժը:

Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակումէն ետք ասիկա պիտի ըլլայ թիւով չորրորդ զօրահանդէսը: Նախորդ երեք զօրահանդէսները նոյնպէս տեղի տեղի ունեցան 9 մայիսին` համապատասխանաբար 1995, 1997 եւ  2007 թուականներուն, եւ նոյնպէս նուիրուած եղած են Շուշիի ազատագրման եւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի ստեղծման տարեդարձներուն:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Կը Պնդէ, Որ Հայաստան – Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախաձեռնողը Թուրքիան Էր

Յաջորդը

Միջկուսակցական Միասնական Կեդրոնը Յայտարարութեամբ Հանդէս Կու Գայ Վաղը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.