Այսօր ժամը 21:45-ին Անթունիէ դպրոցին դաշտին վրայ պիտի մրցին ՀՄԸՄ եւ Անթունիէ` փլէյ-ին ճակատումի առաջին մրցումին:
ՀՄԸՄ ամէն գնով պիտի փորձէ յաղթել տարեշրջանի կարեւորագոյն այս մրցումին, որպէսզի 2-րդ ճակատումին` ուրբաթ օր, Մըզհերի մէջ կրկնելով յաղթանակը հասնի ֆայնըլ 4:
Երկու խումբերը բնական տարեշրջանին երկու անգամ ճակատած են իրար դէմ, եւ երկու մրցումներուն ալ ՀՄԸՄ պատրուած էր (84-101 եւ 107-84): Առաջին մրցումին Տի. Ճէյ. Քենետի եւ Եոաթ Ալոք ներկայ էին իբրեւ օտար, մինչ երկրորդին` Թայլըր Պէյ եւ Լանտըրզ Նոլի: Այժմ Թայլըր իրեն հետ ունի փորձառու Տուէյն Ճեքսընը, մինչ Անթունիէ վերջերս փոխած էր իր օտարներէն Քեւըն Մըրֆին Այզիա Ուաշինկթընով, որ թերեւս Մըրֆիի մակարդակը չունի, բայց 3 կէտնոց կողովներ նշանակող, ինչպէս նաեւ լաւ գնդակ բաժնող է:
ՀՄԸՄ-ի լիբանանցի մարզիկները բաւական յառաջդիմեցին վերջին մրցումներուն` բազմիցս վիրաւորներու փոխարինելով, եւ ինքնավստահ դարձած են: Գէորգ Գէորգ, Մոհամետ Հոթէյթ, Ճէյսըն Սուֆան, Պասել Հարֆուշ, Փիթըր Տեքերմենճեան, ինչպէս նաեւ Ճօ Խուրի եւ Մարք Քայալ բաւական յառաջդիմած եւ բարելաւած են իրենց խաղը:
Յուսանք, որ այսօր յաղթանակ մը կ՛արձանագրեն տղաքը, ինչպէս պատահեցաւ մօտիկ անցեալին` Շանվիլի դէմ, ուր ՀՄԸՄ բնական ախոյեանութեան 2 պարտութիւններ կրելէ ետք փլէյ օֆի մրցումներուն դուրս ձգած էր Շանվիլը:


