Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Միջազգային լրատու աղբիւրները ամէն օր եւ օրը քանի մը անգամ հանրութիւնը կը զբաղեցնեն խեղկատակ դրուագներով, որոնք խորքին մէջ ցուցանիշ են երկիրներու եւ ժողովուրդներու ապրած ահաւոր ողբերգութիւններուն:
Նախընթաց օրերուն Թրամփի Ծոցի երկիրներ այցելութիւնները եւ պայթած գայթակղութիւնները առատ նիւթ կուտակեցին «ներքին» խեղկատակութիւններով ծանրաբեռնուած մթերանոցին մէջ: Միակը չէին:
Չորեքշաբթի, 21 մայիսի դրուագներէն ընտրեցինք հետեւեալ երկուքը.
Դիւանագէտները կը սպասեն… կրակոցին
Ա.- Շուրջ 20 դիւանագէտներ` Եգիպտոսէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Իտալիայէն, Իրլանտայէն, Բրիտանիայէն եւ… Թուրքիայէն, այցելեր են Արեւմտեան ափի (Պաղեստին) Ճենին քաղաքը` ստուգում կատարելու, թէ բնակչութիւնը ինչպիսի՛ անմարդկային վերաբերմունքի թիրախ է: Պատուիրակութեան իւրաքանչիւր քայլափոխին հետեւող իսրայէլեան բանակի զինուորները յանկարծ կրակած են «զգուշացման դիտաւորութեամբ», որովհետեւ նկատեր են, որ խումբը «շեղում կատարած է» նախապէս ճշդուած ուղիէն: Իսրայէլ խոստովանեցաւ ըրածը: Աղմուկ բարձրացաւ, առնչակից երկիրներէն մէկ քանին Իսրայէլի դեսպաններէն բացատրութիւն պահանջեցին, սպառնալիքներ տեղացուցին: Կատարուեցաւ նաեւ ողոքում. կրակոցներէն մարդ չէ վնասուած…
Մոռացութեան տրուած է ահաւորը: Այն, որ նոյնինքն Արեւմտեան ափը, իսկ քանի մը քիլոմեթր անդին` Կազան, օր աւուր յարձակումներու, ռմբակոծումներու եւ բանակային իրերայաջորդ արշաւանքներու թիրախ են, սպանեալները… բախտաւոր կը զգան, որովհետեւ ողջ մնացողները սովի, անդադրում բռնագաղթերու եւ անմարդկային ամէն տեսակի բռնարարքներու ենթակայ են: Աշխարհի աչքին առջեւ ամէն օր, ամէն ժամ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ տեղի կ՛ունենայ, դատապարտող յայտարարութիւնները կը կուտակուին, եւ մրցումի ելած են Էվերեսթի ու Մոն Պլանին հետ: Խեղկատակութեան ամէնէն ահաւոր երեսը այն է, որ կրակոցի դէպքին առնչակից երկիրներէն շատեր բանիւ եւ գործով զօրակից են Իսրայէլի ոճրագործ իշխանութիւններուն, կը շարունակեն զինել զայն: Իսրայէլի վարչապետն ու բանակային հրամանատարներ ճակատաբաց կը կրկնե՛ն ու կը կրկնեն, որ «Համասը հետապնդելու» պատրուակով, ջարդն ու քանդումը, բռնագաղթերը պիտի շարունակեն, իսկ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ձեռքերը կը լուայ` ըսելով, որ իր կառավարութիւնը համաձայն չէ Կազայի բնակչութեան շրջանէն հեռացման: Խօ՛սք, խօ՛սք եւ խօ՛սք: Զսպելու գործ չկայ, հակառակին փաստերը միշտ նորոգուող եւ մնայուն ցուցահանդէսի վերածուած են:
Կրակոցի «մանր» միջադէպին եւ միւսին` ահաւոր սպանդներու դիպաշարին դիմաց, յիշեցինք մանրավէպ մը, որ մանկուց լսած ենք մեծերէն. Ցեղասպանութեան օրերուն թուրքերու եւ զինակիցներու ջարդերուն մասին արիւնով գրուած տեղեկագիրներ հասած են ամերիկացիներու` խնդրանքով, որ օգնութեան հասնին եւ կասեցնեն ջարդ ու հալածանք, կողոպուտ ու բռնադատութիւններ: Տեղեկագիրին մէջ տեղ մը արձանագրուած է (եղեր), որ թուրքերը հայերու տուները կը մտնեն, կը սպաննեն, կը կողոպտեն (եւ այլն): Բարեմի՜տ եւ «հաւուճ ախըլլը»(*) լսող մը յօնքերը վեր բարձրացնելով` հարցուցեր է. «Առանց դուռը բախելո՞ւ ներս կը մտնեն»…
Բ.- Հարաւային Ափրիկէի նախագահը` Սիրիլ Սամաֆոսա, մե՜ծ ախորժակով Սպիտակ տուն այցելեր է առեւտրական գործակցութեան եւ վերջերս հաստատուած` ներածումներու բարձր տուրքերու (եւ նման հարցերու) մասին բանակցելու համար «նարնջագոյն մարդ»-ուն հետ: Ինչպէս պատահեցաւ Զելենսքիի ընդունման առաջին պահուն, մթնոլորտը սիրալիր էր, սակայն յանկարծ (կարծէք թէ սա Թրամփի մէկ նոր սովորութիւնը դարձած է) հիւրընկալ նախագահը թղթածրար մը նետած է Սարաֆոսայի երեսին՛ իբր թէ Հարաւային Ափրիկէի մէջ սպիտակամորթները ցեղասպանութեան կ’ենթարկուին: Եւ ահա հակաճառութիւն մը ծագած է (ո՛չ այդքան սուր, ինչպէս պատահեցաւ Զելենսքիի այցելութեան օրը): Ափրիկէցիին կատակով հակադարձութիւններէն մէկը եղած է… օդանաւի մը խոստումը:
Թրամփ կը ցուցադրէ թղթածրարը…
Մնացեալը պահ մը նկատենք երկրորդական (ներառեալ` սպիտակամորթներու բռնատիրութեան օրերու ցեղասպանական պատմութիւնները եւ Նելսըն Մանտելան) եւ նուազ շահագրգռող, կանգ առնենք դառն իրականութեան մը վրայ: Թրամփի տրամադրութեան տակ կա՞յ Կազայի մէջ շարունակուող ցեղասպանութեան թղթածրարը, որ պէտք է զարնէ Նեթանիահուի եւ ոճրակիցներուն գլխուն: Թրամփի տրամադրութեան տակ կա՞յ Արցախի դէմ բազմահանգրուան ցեղասպանութեան, շրջանը հայաթափումի հասցուցած ոճիրներու ամբողջ պատմութեան թղթածրարը, որոնք պէտք է զարնել Էրտողանի ու Ալիեւի երեսներուն: Թրամփի (երբ կ՛ըսենք Թրամփ, ի մտի ունինք նաեւ բոլոր հզօ՜ր տիրակալները) տրամադրութեան տակ կա՞ն 110 տարի առաջ սկսած եւ մինչեւ այսօր շարունակուող Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարները: Սպիտակ տունը որքա՞ն հետաքրքրուած է այն ցեղասպանութիւններով, որոնք տեղի կ՛ունենան Սուտանի ու ափրիկեան այլ երկիրներու, Սուրիոյ, Իրաքի եւ «կռուախնձոր» այլ երկիրներու մէջ (ցանկերը ամենա՜յն հոգածութեամբ կը պահպանուին ՄԱԿ-ի եւ միջազգային ատեաններու դարակներուն մէջ):
***
«Մանր» խեղկատակութիւն մըն ալ` Երեւանի մէջ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` Լաւրով, Երեւան այցելեց. սա առիթ դարձաւ Երեւան-Մոսկուա հակադրութիւններու ցուցադրման եւ ՔՊ-ականներու կողմէ իրականութիւնները պարտկելու ճիգերու (Արցախի եւ Հայաստանի հողերուն գրաւման առիթով Մոսկուային ուղղուած իրաւ ու անիրաւ քննադատութիւններուն մասին լուսաբանութիւններու): Առիթը օգտագործեցին նաեւ «արեւմտասէրները», որոնք քանի մը հոգիով բողոքի ցոյցի ելան Լաւրովի դէմ: Եղածը ապիկարութեան փառատօն մըն էր, ֆեսթիվա՜լ: Ստեղծուած աղմուկին մէջ թացը չորին հետ այրեցաւ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ «հաւուճ ախըլլը»-ները կը մնան իշխանութեան ջարդուած ղեկին:
21 մայիս 2025
(*) Թրքախօս հայերու սրամտութենէն ծնած ծանօթ ասոյթ, յատկապէս` թեթեւամիտ ամերիկացիներու մասին, մինչեւ օրս ալ գործածական հայերու կողմէ. կը նշանակէ «ստեպղինաձեւ ուղեղով» (այսինքն` իրականութենէ կտրուած` միայն մէկ ձեւով-ուղղութեամբ մտածող):


