Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրագտարեան Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Դեսպանը

June 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տի Վալը եւ անոր հետ քննարկեց նախարարութեան ու Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան ընդհանուր շրջագիծը:

Պայրագտարեան դեսպանին բացատրեց իր պատմութեան մէջ նոր էջ բացած Լիբանանի ներկայիս գտնուած փուլին բնոյթը` նշելով, որ իր գլխաւորած նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի այդ լուսաւոր պատկերին մէկ հիմնական մասը ըլլալ երիտասարդական եւ մարմնակրթական ոլորտներուն մէջ շարք մը բազմազան ծրագիրներու ճամբով:

Ան ըսաւ, որ նախարարութիւնը կը ձգտի մարմնակրթական դիւանագիտութեան ճամբով ամրապնդել ու զարգացնել Լիբանանի միջազգային յարաբերութիւնները, եւ կը փափաքի այս ուղղութեամբ աշխատիլ միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու, քաղաքացիական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ երիտասարդական ու մարմնակրթական գործող շրջանակներու հետ:

Եւրոպական Միութեան դեսպանը իր կարգին ներկայացուց այն ոլորտներն ու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան կազմակերպած աշխատանքները, որոնց ընդմէջէն կարելի է Եւրոպական Միութեան եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութիւն ծաւալել: Դեսպանը նաեւ ներկայացուց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Ան ուշադրութեան հրաւիրեց Եւրոպական Միութեան կատարած համալսարանական ու դպրոցական կրթական աշխատանքներուն, ծրագիրներուն ու վարժանքներուն վրայ:

Համաձայնութիւն գոյացաւ երկու կողմերուն միջեւ գործակցութեան ոլորտին մէջ գործնական առաջարկ մը պատրաստելու:

 

Նախորդը

«Կը Հաւատամ, Որ Սուրիան Ու Լիբանանը Միջին Արեւելքի Բարգաւաճման Մէջ Գլխաւոր Դերակատարութիւն Ունին» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Ռիչ

Յաջորդը

Պըրրի. «Ներկայ Ընտրական Օրէնքի Կիրարկման Շարունակումը Բացառուած Է»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.